Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին առաջարկեց Իտլիպի հարցին շուրջ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ եռակողմանի ժողով մը գումարել՝ նշելով, որ Իտլիպի հարցը շատ բարդացած է, որովհետեւ «մէկ կողմէ պէտք է մարդոց կեանքերը պաշտպանել, իսկ միւս կողմէ ահաբեկիչները այս շրջանէն արմատախիլ ընել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.