«110 Տարեկան ՀՕՄը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Հայապահպանման Համար Կատարուած Բոլոր Աշխատանքներուն՝ Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Տարածքին»
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը՝ կատարուած «Հայրենիք»ի խմբագրութեան կողմէ, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտոր Նայիրի Տէրտէրեանի հետ.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջերս Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի 72րդ Պատգամաւորական ժողովը: Յիշատակելի ի՞նչ իրագործում արձանագրուեցաւ այս ժողովին: Եթէ կարելի է՝ թուել կարեւորութեան կարգով:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Հետաքրքրական եւ զգացական վայրկեաններով լեցուն ժողով մըն էր, որ տեղի ունեցաւ 7-11 Հոկտեմբեր 2019ին, Մոնթրէալ, Գանատա, 21 երկիրներու ներկայացուցիչներով: Հայ Օգնութեան Միութիւնը ներկայութիւն է 27 երկիրներու մէջ, դժբախտաբար կարգ մը երկիրներէ ներկայացուցիչներ չկրցան մասնակցիլ յարգելի պատճառներով: Ժողովին ընթացքին կարելի եղաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհիին հետ կապ հաստատել:
Ժողովին արեւելումը գլխաւորաբար հայ ժողովուրդի զօրակցութեան վրայ էր հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին՝ կեդրոնանալով հայրենի սահմանամերձ գիւղերու յառաջդիմութեան սատարող նոր ծրագիրներու վրայ, վիրաւոր զինուորներու հիմնադրամ ստեղծելու, Հայաստան բնակող միայնակ տարեցներու խնամատարական ծրագիր մը մշակելու, Արցախի վերաբնակեցման ծիրէն ներս՝ տուն նուիրելու, Ջաւախքի մէջ Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի վերաշինութեան, Միջին Արեւելքի տագնապալի վիճակին:
Ժողովին 5 օրերուն ընթացքին ամէնէն յիշատակելի դէպքը որ տեղի ունեցաւ՝ Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչներուն օժանդակութեան առաջարկն էր Արժանթինի մէջ գործող ՀՕՄի «Օննիկ Պոտուրեան, Օհաննէս Տիարպէքիրեան» հանգստեան տան համար, որ վերջին քանի մը տարիներուն կը դիմագրաւէ նիւթական տագնապալի իրավիճակ՝ տեղւոյն դրամին արժեզրկումին պատճառով: Ներկաները տեղւոյն վրայ ընդառաջեցին ընկերուհիին խնդրանքին եւ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին հանգանակուեցաւ նախատեսուած 20 հազար տոլարի գումարը: Իսկ բոլորիս սիրտերը անմոռանալի յիշատակներով լեցուց Գանատայի մեր միաւորին ջերմ հիւրընկալութիւնը, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Յատկապէս Սփիւռքի մէջ հետեւողական ներկայութիւն եղած է ՀՕՄը՝ միշտ ալ գործելով եւ իր ներկայութիւնը փաստելով: Այս գծով, կարելի՞ է վերջին տարիներուն մասին անդրադառնալ, նաեւ՝ նշել ապագայի ծրագիրները:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Նախքան այս հարցումին պատասխանելս՝ կ՛ուզեմ անդրադառնալ ՀՕՄի ծնունդին՝ որպէս սփիւռքեան կազմակերպութիւն:
1910 թուականին, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, Է. Ակնունիի նախաձեռնութեամբ հիմը դրուեցաւ ամենամեծ համահայկական կանացի միութեան՝ ՀՕՄին, որպէս նպաստամատոյց կազմակերպութիւն: Ցեղասպանութեան նախօրեակին՝ ՀՕՄը եկաւ յոյս ներշնչելու տառապեալ հայ ժողովուրդին, ծառայելու եւ պայքարելու հայ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար:
110 տարեկան ՀՕՄը իր բարեսիրական գործունէութեան առընթեր, իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայապահպանման համար կատարուած բոլոր աշխատանքներուն՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Սփիւռքի մէջ վերջին տարիներուն կեդրոնացանք սուրիահայութեան տագնապալի իրավիճակին վրայ, եւ պատերազմի առաջին օրերէն ՀՕՄի մեծ ընտանիքը իր ներդրումը ունեցաւ, օժանդակելով՝ «Պնակ մը տաք ճաշ», «Տաքուկ բնակարան» եւ «Հովանաւորէ ընտանիքի մը» ծրագիրներուն: Այս ժողովը եկաւ անգամ մը եւս վերահաստատելու նոյն ծրագիրներուն օժանդակութիւնը, առաւել՝ եկաւ հաստատելու Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Սուրիահայութեան ծրագիրներուն մասնաւորապէս կ՛օժանդակեն Ամերի-կայի Արեւելեան եւ Գանատայի շրջանները:
Տարիներու ընթացքին որդեգրուած են զանազան ծրագիրներ եւ յատկացումներ՝ սփիւռքահայութեան համար, որոնք շարունակելի են.
Ա) «Երեմեան» կրթաթոշակը, որ սկիզբ առած էր 1983ին, ներկայիս, զայն միացնելով այլ ֆոնտերու՝ կը կրէ «ՀՕՄի կրթաթոշակ» անունը: Կրթաթոշակ կը ստանան համալսարանական ուսանողներ, որոնք համալսարան աւարտելէ ետք իրենց գիտութիւնը ի սպաս կը դնեն մեր գաղութային ու հայրենիքի կարիքներուն:
Բ) «Ամանոր ծրագիր»ը, որուն ընդմէջէն Ամանորի սեմին յատկացումներ կը կատարենք Լիբանանի «Թռչնոց Բոյն»ին, Հայկական ծերանոցին, Սուրիոյ պատսպարանին ու ծերանոցին, Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄի երկու ծերանոցներուն, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, որպէսզի տօնական համախմբումներ կազմակերպեն եւ բաշխեն Կաղանդի նուէրներ՝ իրենց խնամքին յանձնուած կարիքաւոր երեխաներուն եւ ծերանոց ապաստանած տարեցներուն:
Գ) Կը հովանաւորենք հինգ «Սօսէ» միօրեայ մանկապարտէզներ՝ Պուլկարիոյ մէջ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերանկախացումէն ի վեր նաեւ գործօն է Հայաստանի ՀՕՄը: Այս գծով յատուկ ծրագիրներ մշակուա՞ծ են:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Անշուշտ հսկայական ծրագիրներ մշակուած, գործադրուած եւ շարունակելի են Հայաստանի մէջ. տեղին է նշել, որ ՀՕՄի կիզակէտը միշտ եղած է հայրենիքը: Ներկայիս Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէ եւ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ սահմանապահ զինուորներուն, հաշմանդամ եւ կարիքաւոր զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն, Հայաստան ա-պաստանած գաղթական սուրիահայութեան: Նշեմ քանի մը յատկանշական ծրագիրներ, որոնք սկիզբ առին վերանկախացումէն ի վեր:
«Որբախնամ ծրագիր»ը հաստատուեցաւ 1992ին՝ Սպիտակի երկրաշարժին եւ արցախեան պատերազմին պատճառով, որբացած մանուկներու խնամատարութեան համար: 2015ին արդէն որբերու թիւին նուազումը զգալի էր, եւ որոշած էինք աստիճանաբար դադրեցնել ծրագիրը, սակայն, ցաւ ի սիրտ, 2016ին, արցախեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով նոր որբացած երեխաներու հովանաւորութեան համար Կեդրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս թափ տուաւ այս ծրագիրին:
«Ուսանողներու ծրագիր»ը, որ հաստատուած է 2008ին, կը հոգայ 18 տարիքը լրացուցած եւ երկրորդական վարժարանը աւարտած որբերու համալսարանական ուսման ծախսին մէկ բաժինը:
1995ին սկիզբ առաւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ բնակող յառաջադէմ եւ լաւագոյն արդիւնքները արձանագրող ուսանողներուն համար:
1997ին հիմնուեցաւ «Մօր ու մանկան առողջապահական կեդրոն»ը Ախուրեանի մէջ, եւ 2005ին կեդրոնին կից նաեւ հիմնուեցաւ ծննդատուն մը: Շիրակի մարզին մէջ գործող առողջապահական կեդրոններուն մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ ՀՕՄի «Մօր ու մանկան» կեդրոնը եւ լաւագոյն արդիւնքներով արդէն բոլորեց երկու տասնամեակ:
Վերեւը նշուած «Ամանոր ծրագիր»ին ընդմէջէն նաեւ կ՛օժանդակենք Հայաստանի մէջ գործող մանկատուներուն, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն եւ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն:
ՀՕՄի համաշխարհային ընտանիքին միջոցաւ 2017էն սկսեալ կ՛օժանդակենք Երեւանի թիւ 1 հիւանդանոցի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնի նորոգման աշխատանքներուն՝ հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան համար իրենց առողջութիւնը զոհաբերած զինուորին լաւագոյն խնամք ապահովելու համար:
2019ին Շրջանային վարչութեան եւ յանձնախումբին ջանքերով «ՀՕՄ արուեստ»ը իր դռները բացաւ Չարենցի փողոցին վրայ՝ որպէս ցուցասրահ-վաճառատուն, ուր կը վաճառուին զանազան տեսակի հայկական ձեռարուեստներ: Միեւնոյն ատեն ձեռարուեստի դասընթացքներ տեղի կ՛ունենան, որպէսզի պահպանենք եւ փոխանցենք մեր ազգային աւանդութիւնները:
ՀՕՄը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի անդամ ըլլալով՝ կը մասնակցինք Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման զանազան ծրագիրներու: 2019ին, բարերար տիկին Մամեանի եւ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի օժանդակութեամբ կարելի եղաւ Գիւմրիի մէջ 4 բնակարաններ նուիրել կարիքաւոր ընտանիքներու:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արցախի ՀՕՄի մասին կարելի՞ է նոյն ձեւով զեկուցել:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Այո՛, Արցախի ՀՕՄի միաւորը հիմնուեցաւ 1992ին, ընկերուհիները ամէն գնով օգտակար կը հանդիսանան իրենց շրջապատին՝ սերտ համագործակցութեամբ պատկան մարմիններուն հետ: Արցախի մեր ընկերուհիները նոյնպէս կը հոգան սահմանապահ զինուորներուն՝ իրենց յաճախակի այցելութեամբ եւ մթերքներով:
Արցախի մէջ ունինք «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, որ սկիզբ առաւ, երբ Արցախի կրթութեան գիտութեան նախարարութիւնը ՀՕՄին նուիրեց կիսաքանդ շէնք մը, որ նորոգուելէ ետք իր դռները բացաւ 3-6 տարեկան 87 աշակերտներու դիմաց, Ապրիլ 1998ին: Մինչեւ 2009 թուականը մանկապարտէզներու ցանցը հասաւ 12ի, 2010ին 4 մանկապարտէզներ յանձնուեցան Արցախի կրթութեան գիտութեան նախարարութեան: Ներկայիս ՀՕՄի մեծ ընտանիքը եւ բարերարներ կը հովանաւորեն 8 մանկապարտէզներ՝ Ստեփանակերտ, Մեծ Թաղեր, Տող, Աշան, Ականաբերդ, Շուշի, Քարեքահ եւ Խնձրիստան, ուր 400 երեխաներ կրթութիւն կը ստանան, եւ 73 ընտանիքներու համար աշխատանքի աղբիւր է:
Ստեփանակերտի մանկապարտէզի շէնքը նորոգութեան կը կարօտէր. ՀՕՄի մեծ ընտանիքին ջանքերով վերակառուցուեցաւ արդիական մանկապարտէզի նոր շէնք մը՝ նոյն հողաշերտին վրայ: 6 Սեպտեմբեր 2017ին Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ բոլոր միաւորներու, անհատ բարերարներու օժանդակութեամբ: Որպէս նոր ծրագիր՝ 72րդ Պատգամաւորական ժողովը վաւերացուց, որ շէնքին 3րդ յարկը օգտագործուի որպէս արտադպրոցական զբօսավայր, նոր սարքաւորումներով:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ընդհանրապէս նորաստեղծ մասնաճիւղերուն մասին մանրամասնութիւններ կարելի՞ է տալ:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Սուրիոյ քաղաքական տագնապը պատճառ դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս գաղթէ եւ բնակութիւն հաստատէ այլ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս՝ եւրոպական քաղաքներու մէջ. այս մէկը պատճառ դարձաւ հայութիւնը համախմբելու եւ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու մեր աշխատանքներուն: Անցնող քառամեակին Կեդրոնական վարչութիւնը ընդառաջեց Շուէտի գաղութներուն մէջ բնակութիւն հաստատած անհատներու դիմումին եւ Յուլիս 2018ին հիմը դրաւ Հոլանտայի «Արմելօ» եւ Սեպտեմբեր 2018ին՝ Սոտըրթելիի մեկուսի մասնաճիւղերուն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ջաւախքի վերաբերեալ յիշատակելի իրագործումներ կա՞ն, մանաւանդ որ կը տեղեկանանք, թէ Թիֆլիս միշտ ալ դժուարութիւն կը յարուցէ:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Այո՛, Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան առնչութեամբ դժուարութիւններ եւ մտահոգութիւններ ունինք, սակայն ծրագիրները կը շարունակուին բնականոն կերպով: Ախալքալաքի կեդրոնին կից հողաշերտը մեր սեփականութիւնը դարձաւ: Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոնները յատկապէս կը քաջալերենք: ՀՕՄի Համահայկական 72րդ պատգամաւորական ժողովը եկաւ կրկին անգամ հաստատելու ջաւախքահայութեան ծրագիրները. հայոց պատմութեան մրցոյթներ, բազմազաւակ ընտանիքներ եւ հաւաքական մկրտութիւն:
Ապագային համար ժողովը որդեգրեց Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի վերաշինութեան ծրագիրին օժանդակելու որոշումը:
Կասկածէ վեր է, որ Ջաւախքը մեր հայրենիքի անբաժան մէկ մասնիկն է եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի: Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է հոգալ ու խնամել, օժանդակել անոր բարօրութեան աշխատանքներուն, որպէսզի կարենանք բարեկեցիկ կեանք ապահովել ջաւախքահայութեան: Օժանդակել ջաւախքահայութեան՝ կը նշանակէ զօրավիգ կանգնիլ ջաւախքահայութեան հայրենի հողին կապուած իրենց հզօր կամքին, Ջաւախքը հայ պահելու անոնց պատրաստակամութեան, կը նշանակէ՝ կանխել արտագաղթը, պահպանել պատմական Հայաստանի հիւսիսը, երաշխաւորել այսօրուան Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ, մանաւանդ, ապահովել ապագայի միացեալ հայրենիքի տեսլականը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ներքին Սփիւռք, այսինքն՝ նախկին Խորհրդային Միութիւն… Այս լայնատարած եւ հետզհետէ աճող գաղութներուն մէջ գործունէութիւն կա՞յ:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- ՀՕՄի առաքելութիւններէն մէկն է հայապահպանումը: Երբ կ՛անդրադառնանք ներքին Սփիւռքին, հոն շատ աւելի կարիքը կը զգանք հայապահպանման աշխատանքներուն: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ Պուլկարիոյ հայ գաղութին, թէեւ Պուլկարիոյ միջ ունինք 5 մասնաճիւղեր՝ մօտաւորապէս 350 անդամներով եւ ՀՕՄի միօրեայ 5 մանկապարտէզներ՝ Փլովտիւ, Ռուսէ, Պուրկաս, Վառնա եւ Սոֆիա քաղաքներուն մէջ, որոնք կը հովանաւորուին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նիւթական յատկացումներով:
Մօտէն կը հետեւինք վերաշխուժացնելու Մոսկուայի միաւորը, իսկ ներկայիս կ՛ուսումնասիրենք Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին եւ Ռումանիոյ մէջ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու կարելիութիւնները:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՄԱԿին մէջ ՀՕՄի ներկայութեան եւ գործունէութեան մասին կարելի՞ է տեղեկութիւններ տալ:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- ՀՕՄը կը շարունակէ իր աշխատանքները ՄԱԿին մէջ՝ մասնակցելով ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ժողովներուն եւ աշխատանիստերուն, որոնք անմիջական առնչութիւն ունին ՀՕՄի նպատակներուն եւ ծրագիրներուն հետ: ՀՕՄի՝ ՄԱԿի յանձնախումբը մշտական եւ գործուն ներկայութիւն է ՄԱԿին մէջ:
Սերտ համագործակցութեամբ ՄԱԿին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցչութեան, կը մասնակցինք ՄԱԿի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովներուն.
ՄԱԿի Տնտեսական եւ ընկերային զարգացման յանձնաժողով / Econimic and Social Council of the United Nations (ECOSOC)
Ընկերային զարգացման յանձնաժողով / Commission for Social Development (CSocD)
Կանանց իրավիճակի յանձնաժողով / Commission on the Status of Women (CSW)
ՄԱԿի Կին / UN Women
Պէյճինկ 2020 / Beijing 2020
Կ՛ուզեմ այստեղ շեշտել, որ անցնող քառամեակին կարելի եղաւ բարելաւել ՄԱԿի մեր Վարժողական ծրագիրը, եւ արդէն իսկ 10 հայ ուսանողներ մօտակայ շրջաններէն մաս կազմեցին այս ծրագիրին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Եզրակացնելու համար, ապագայի յատուկ ծրագիրներ ու առաջարկներ կա՞ն:
ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Այո՛, Պատգամաւորական ժողովը կեդրոնացաւ 49 բանաձեւերու վրայ, անոնցմէ կ՛ուզեմ նշել քանի մը հատը.
110ԱՄԵԱԿ
2020 թուականը կը բոլորէ ՀՕՄի հիմնադրութեան 110ամեակը: Որպէս մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւն՝ հաստատ համոզումով կը շարունակենք հայապահպանման սրբազան մեր առաքելութիւնը: ՀՕՄը միակ հայ կանացի կազմակերպութիւնն է, որ 110 տարիներ վառ պահեց հայ կնոջ արժանիքները: 110ամեակը առիթ մըն է, որ արժանավայել ձեւով տօնենք մեր կազմակերպութեան նուաճումները եւ վերանորոգենք մեր ուխտը: Ուստի, ծրագրած ենք ձեռնարկներու շարք մը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, Օգոստոս 30-10 Սեպտեմբեր, 2020ին:
ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ
Անհերքելի իրականութիւն է, որ միայն բարոյական աշխատանքով կարելի չէ յաջողութիւն արձանագրել: Որպէսզի աւելի հեշտութեամբ կարենանք ՀՕՄի բազմածաւալ աշխատանքը շարունակել, մեր ծրագրումներու շարքին է դրամահաւաքը՝ ուռճացնելու համար ՀՕՄի հիմնադրամը եւ սատարելու վերոյիշեալ նշուած ծրագիրներուն:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ
ՆԵՐԳՐԱՒՈՒՄ
Առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ երիտասարդներու ներգրաւումը ՀՕՄի շարքերէն ներս, ընթացքի մէջ են հանդիպումներ մասնագէտ անձերու հետ, որոնք հիմնական աշխատանք պիտի տանին՝ Կեդրոնական վարչութեան տուեալներուն վրայ հիմնուելով: Այս ծրագրումներուն շարքին է նաեւ երիտասարդներու համար համագումարներ կազմակերպելը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑ/PR
ա) ՀՕՄի կայքէջը արդիական ձեւով բարելաւուած է, շաբաթական դրութեամբ կու տայ ընդհանուր տեղեկութիւններ մեր գործունէութեան մասին, առաւել՝ կարելիութիւնը ունինք նուիրատուութիւններ ընդունելու:
բ) Հոկտեմբեր 2019ին կարելի եղաւ տեղադրել ՀՕՄի Գործունէութեան քարտէսը, որ կը բնութագրէ ՀՕՄի աշխարհասփիւռ ծրագիրները եւ աշխատանքները:
գ) «Հայ Սիրտ»ը, որ ՀՕՄի միակ օրկանն է եւ մեծ ներդրում ունեցած է ՀՕՄը ծանօթացնելու մեր ժողովուրդին, նոյն ժամանակ սատարած է հայ կնոջ զարգացման։ Աւելի թափ պիտի տանք անոր յաճախակի հրատարակութեան՝ օգտագործելով արդի ելեկտրոնային տարբերակը: Առաւել՝ աշխատանք կը տանինք «Հայ Սիրտ»ի ընդհանուր հատորներու թուայնացման: Նաեւ պիտի սկսինք մնայուն ծրագիրներու արխիւներու թուայնացումը: