ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան 4 Մարտին, զանազան հանդիպումներու եւ քննարկումներու ճամբով անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի միջոցներուն։
Նախարար Արսէն Թորոսեանի՝ Վրաստանի առողջապահութեան նախարար Եքաթերինա Թիքարաձէի հետ ունեցած հեռաձայնի զրոյցին ընթացքին վերջինս տեղեկացուց, որ Վրաստանի մէջ կան ժահրով վարակուած երեք պարագաներ, որոնց վիճակը կայուն է։ Նախարար Թորոսեան իր կարգին ներկայացուց Հայաստանի վիճակը՝ նշելով, թէ միայն մէկ պարագայ կայ Հայաստանի մէջ։ «Մենք պայմանաւորուեցինք այսուհետ եւս պահել երկկողմանի կապը թէ՛ նախարարների եւ թէ երկու գերատեսչութիւնների միջեւ, որպէսզի մեր գործողութիւնները լինեն առաւելագոյնս համահունչ մէկը միւսին եւ արդիւնաւէտ», գրած է նախարարը իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։
Նախարար Թորոսեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակի նորանշանակ ղեկավար Անտրէա Վիքթորինը. անոնք քննարկեցին միացեալ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ «Քորոնա»ի պատճառով ստեղծուած իրավիճակին եւ իրականացուող կանխարգելիչ քայլերուն:
Անտրէա Վիքթորին ողջունեց Հայաստանի մէջ յայտնաբերման առնչութեամբ նախարարութեան տարած աշխատանքը՝ շեշտելով, որ տեղեկատուութեան պաշտօնական աղբիւրէն արագ տրամադրումը ճիշդ քայլ էր: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Հայաստանին՝ այս ժահրին դէմ մղած պայքարին, նաեւ առողջապահութեան ոլորտի զարգացման աշխատանքներուն:
«Առողջապահութեան նախարարութեան եւ կառավարութեան կողմից ձեռնարկուած թափանցիկ աշխատանքը խուճապի նուազեցման լաւագոյն տարբերակն է», ընդգծեց Թորոսեան՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով համագործակցելու այս ուղղութեամբ: 4 Մարտին, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան գլխաւորեց խորհրդակցութիւն մը՝ քննարկելու «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած արտակարգ կացութիւնը։ Նախարարը տուաւ յստակ յանձնարարականներ եւ խորհուրդ տուաւ մնայուն կերպով համագործակցելու զանազան կառոյցներու, յատկապէս առողջապահութեան նախարարութեան հետ։ Անհրաժեշտ նկատուեցաւ քաղաքացիները իրազեկել այս ժահրին մասին, չանտեսել անոր ունեցած վտանգը՝ առանց խուճապ ստեղծելու։