ՊԷՅՐՈՒԹ.- Գանատայի մէջ կանանց, խաղաղութեան եւ ապահովութեան առաջին դեսպան Ժագլին Օնիլ եւ ՄԱԿի բարգաւաճման ծրագիրի (Եու.Էն.Տի.Փի.) մնայուն ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ Հինգշաբթի, 27 Փետրուարի յետմիջօրէին այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը:
Անոնք տեսակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Գանատայի դեսպանատան քաղաքական առաջին քարտուղար Ֆէնի Համի, ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներու: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին քաղաքապետութեան ոստիկանութեան աշխատելաոճի զարգացման ծրագիրի կիրարկման քայլերը:
Այս առիթով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի կազմուածքին եւ քաղաքապետութեան ճիգերուն՝ շրջանի բարեզարդման ու բարօրութեան ի խնդիր:
«Յարգելի՛ Ժագլին Օնիլ, նկատի ունենալով ձեր առաքելութիւնը՝ իբրեւ դեսպան կանանց, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու, նաեւ, նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի հիմնական յատկանիշներն ու այս հարցերուն առնչութեամբ մեր հիմնական սկզբունքները, կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել հետեւեալները.
«Առաջին հերթին՝ ակնարկ մը քաղաքին ու անոր կազմաւորումին մասին: Պուրճ Համուտի տարածութիւնը 2.2 քառակուսի քիլոմեթր է, խիտ բնակչութեամբ, որ կը հասնի 175,000 անձի:
«Պուրճ Համուտ քաղաքը հիմնուեցաւ շուրջ դար մը առաջ, ճահիճներու վրայ, հայ գաղթականներու ձեռամբ: Մեր մեծ հայրերը անխոնջ աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ շուտով զայն վերածեցին Լիբանանի մէջ թեթեւ ճարտարարուեստի, արհեստներու եւ առեւտուրի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն:
«Բայց Պուրճ Համուտի կարեւորագոյն իւրայատկութիւնը անոր բնակչութեան բաղադրութիւնն է: Արդարեւ, երբ Պուրճ Համուտը կը կոչեմ փոքր Լիբանան, ապա պատճառն այն է, որ հոն ներկայ են Լիբանանի բնակչութեան բոլոր կրօնական, համայնքային եւ ազգային խմբաւորումները:
«Իսկ այսօր իրողութիւնները ցոյց կու տան, որ անիկա ոչ միայն փոքր Լիբանան է վերոնշեալ իմաստով, այլ անոնց վրայ աւելցած են Լիբանանի մէջ ներկայ օտարերկրացիներու հպատակութիւններուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս՝ սուրիացիներ, իրաքցիներ, պաղեստինցիներ, քիւրտեր, եգիպտացիներ, սուտանցիներ, եթովպիացիներ… եւ ոչ միայն միջինարեւելեան ու ափրիկեան երկիրներէ, այլ նաեւ Ծայրագոյն Արեւելքէն եկողներ, ինչպէս՝ պանկլատէշցիք, հնդիկներ, փաքիստանցիներ, ֆիլիփինցիներ եւ այլն:
«Խաղաղութեան հարցերու յարգարժա՛ն դեսպան, խնդրեմ նկատի առէք, թէ մենք շատ հպարտ ենք այս խճանկարով եւ այն իրողութեամբ, թէ բոլոր այս խմբաւորումները եւ մշակոյթները խաղաղօրէն կ՛ապրին ու կը գործակցին այս փոքր աշխարհագրական տարածքին մէջ:
«Անոնք բոլորը կը սիրեն եւ կը յարգեն Պուրճ Համուտը, որովհետեւ գիտեն, թէ մեր անցեալին ու ժառանգութեան պատճառով մենք խտրութիւն չենք ըներ Աստուծոյ զաւակներուն միջեւ:
«Կանանց հարցերու դեսպանին ձեր հանգամանքին բերմամբ ձեր ուշադրութեան պէտք է յանձնեմ, որ մեր քաղաքապետական կազմի աշխատակազմին գրեթէ կէսը կը պատկանի իգական սեռին, եւ անոնցմէ ոմանք կը գլխաւորեն քաղաքապետարանի վարչութիւններուն կէսը:
«Աւելի՛ն. սեռերու հաւասարութեան առնչութեամբ մեր համոզումներէն եւ յանձնառութենէն մեկնած՝ մենք նախաձեռնած ենք մեր ոստիկանութեան շարքերուն մէջ առնելու երիտասարդուհիներ, եւ ասիկա անկիւնադարձ հանդիսացաւ Լիբանանի քաղաքապետարանական մշակոյթին մէջ: Առաջինն էինք, որ առինք այդ շատ կարեւոր քայլը, եւ ուրախ ու հպարտ ենք, որ շատ ուրիշներ հետեւեցան մեր օրինակին:
«Հոս մեր խորին երախտագիտութիւնը կ՛արտայայտենք գանատացի ժողովուրդին, կառավարութեան ու դեսպանատան, որոնք ՄԱԿի Բարգաւաճման ծրագիրի մեր գործընկերներուն կողքին գլխաւոր նեցուկը հանդիսացան մեր այս նախաձեռնութեան:
Արդարեւ, Գանատայի օժանդակութեան շնորհիւ, ՄԱԿի Բարգաւաճման ծրագիրը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հետ աշխատեցաւ քաղաքապետական ոստիկանութեան վերակազմաւորումին վրայ, որպէսզի աւելի լաւ ծառայէ ու պաշտպանէ շրջանի բնակչութիւնը. այսպէս մենք օժանդակութիւն ստացանք ոստիկաններու մարզումին մէջ. մանաւանդ լարուածութեան մեղմացման եւ հաշտարար միջամտութեան, ինչպէս նաեւ միօրինակ գործելաոճի հաստատումին մէջ. ստացանք որոշ սարքեր, ինչպէս նաեւ պատրաստ տնակներ, որպէսզի քաղաքացիներուն մօտ ոստիկանական կէտեր ըլլան. նաեւ կազմուեցաւ խորհրդատու մարմին մը՝ հետեւելու ոստիկանութեան բարեփոխման ծրագիրներուն:
«Ձերդ վսեմութիւնը անկասկած իրազեկ է, թէ ինչպէս ընդունած ենք սուրիացի գաղթականները եւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ անոնց մատուցած ենք քաղաքապետարանի ծառայութիւնները:
«Ասիկա մեր մարդկային պարտականութիւնն է:
«Բայց նաեւ գիտէք, թէ որքան դժուար էր քաղաքապետական ծառայութիւններու հետեւողական մատուցումը, երբ բնակչութիւնը 35էն 40 տոկոսի անակնկալ աճ արձանագրեց:
«Այսօր, քաղաքական հարցերու կողքին, Լիբանանի դիմագրաւած դրամական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներու լոյսին տակ, աւելի մեծ պահանջներ եւ ակնկալութիւններ կան քաղաքապետարաններէն, որոնք նոյն ատեն դիմագրաւեցին իրենց միջոցներու սուր նուազում:
«Խօսքս կ՛եզրափակեմ քաղաքապետական խորհուրդին անունով արտայայտելով Պուրճ Համուտի եւ անոր բնակչութեան երախտագիտութիւնը եւ յոյս յայտնելով, որ այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, ընդարձակուի եւ վերածուի երկարատեւ յարաբերութեան»:
Իր կարգին դեսպան Ժագլին Օնիլ անդրադարձաւ գանատական կառավարութեան ներդրումին՝ Պուրճ Համուտի եւ առհասարակ Լիբանանի քաղաքապետութեանց եւ ներքին գործոց նախարարութեան հովանաւորած քաղաքապետական ոստիկանութեան գործելաձեւի զարգացման ռազմավարութեան ճիգերուն: «Երկու սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը մեծապէս դերակատար է աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մնայուն լուծման ճիգերուն մէջ», ընդգծեց Օնիլ՝ նշելով, որ քաղաքապետական ոստիկանութիւնը պէտք է ներկայացնէ ընկերութեան բոլոր խաւերը: 2017էն ի վեր գանատական կառավարութիւնը առաւել քան չորս միլիոն տոլարով նպաստած է Լիբանանի քաղաքապետական ոստիկանութեան զարգացման յանգելու համար ՄԱԿի բարգաւաճման ծրագիրի տեսլականներէն արդարութեան, եւ այս՝ ընկերութեան ապահովութեան ծրագիրի կիրարկման ճամբով:
Նմանապէս ՄԱԿի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ դրուատեց քաղաքապետական ոստիկանութեան դերը եւ կարեւորութիւնը: «Քաղաքապետական ոստիկանութեան տարրերը իրենց առաքելութեան թիրախը կը դարձնեն մարդոց ծառայութիւնը», հաստատեց Մոյրուտ՝ նշելով, որ Պուրճ Համուտի եւ այլ առաջատար քաղաքապետութեանց ոստիկանական ռազմավարական յաջող փորձառութիւնը հետագային պիտի որդեգրուի եւ կիրարկուի նաեւ Լիբանանի առաւել քան հազար քաղաքապետութեանց գործունէութեան ծիրին մէջ:
Այս առիթով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Մայրիի յատուկ յուշանուէր յանձնեց դեսպան Ժագլին Օնիլի՝ իբրեւ երախտագիտութիւն անոր ցուցաբերած մնայուն նեցուկին համար:
Ապա ներկաները ուղղուեցան Պուրճ Համուտի ոստիկանապետ Ժըրիէս Ժրատէի գրասենեակը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Պուրճ Համուտի ոստիկանութեան զարգացման նպատակով կիրարկուած քայլերը:
Աւարտին բոլորը շրջեցան Պուրճ Համուտի, յատկապէս՝ քաղաքապետութեան մերձակայ թաղամասերուն մէջ, մօտէն ծանօթանալով շրջանի բնակչութեան թէ վաճառատուներու պարզած իրավիճակին: