ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի «Հայ կին» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 21 Մարտին, Փասատինայի ՀԲԸՄի կեդրոնին մէջ (2495 East Mountain St., Pasadena, CA 91104) տեղի պիտի ունենայ իգական սեռի հայ լրագրողներու նուիրուած խորհրդաժողով մը: Լրագրողուհիները պիտի խօսին իրենց անձնական փորձառութեան, աշխատանքին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:
Մասնակցողներն են՝ Սթեֆանի Պուրուճեան (KSEE24), Սարին Հապէշեան (KTLA եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական), Սարա Խոճոյեան («Պլումպըրկ») եւ Լիզա Օհաննէսեան (արուեստներու անկախ լրագրող): Համադրողն է՝ Էլինա Աբովեան (KTLA):
Մասնակցութեան սակը 30 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 10 տոլար (ճաշը ներառեալ):
Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9ին, իսկ խորհրդաժողովը՝ ժամը 10ին, եւ պիտի աւարտի կէսօրէն ետք ժամը 2ին: Պիտի սպասարկուի կէսօրուան ճաշ:
Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել (818) 731-5459 թիւին: