ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ Հայաստանի համար վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, 12 Մարտի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի կրթական համակարգը բարեկարգելու հրամայականին նուիրուած քննարկում մը։
Քննարկումը պիտի առաջնորդէ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնարկի հիմնադիր-տնօրէն Լարիսա Յովհաննիսեան:
«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ը գործունէութիւն կը մշակէ Հայաստանի առաւել քան 80 գիւղականհամայնքներուն մէջ, հասնելով 14,000 աշակերտներու կարիքներուն, նպաստելով երկրին զարգացման:
Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Արամ եւ Անահիս Պուլղուրճեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403:
Պիտի հրամցուի հայկական թէյ եւ տեղական անուշեղէն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 453-0618 թիւին կամ info@ARPAInstitute.org հասցէին: