ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 3 Մարտին Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը ապահոված դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններուն թեկնածուներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յաղթանակներ արձանագրեց կամ ստացաւ յաջորդ հանգրուանին մասնակցելու իրաւունք։
Սեպտեմբեր 2019էն ի վեր, Հայ Դատի «Հայ Վոթց» (www. hyevotes.org) նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղաւ մեծաթիւ նոր քուէարկողներ արձանագրել եւ օժանդակել ամերիկահայ քուէարկողներու։ Ընտրապայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն վերջին հանգրուանը։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընտրութիւններուն՝ մեր համայնքին մեծաթիւ մասնակցութեան ապահովման, որպէսզի համայնքին ձայնը աւելի ազդու կերպով լսելի դարձնել պետական մարմիններուն մօտ։ Կը շնորհաւորենք յաղթանակ արձանագրած թեկնածուները, որոնց հետ մեր յարաբերութիւններու սերտացումով յառաջ պիտի տանինք հայութեան շահերը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Զօրակցութիւնները հիմնուած էին թեկնածուներուն կողմէ ցարդ տարուած հայանպաստ ջանքերուն եւ հայութեան համար առաջնահերթ նկատուող հարցերուն վերաբերեալ անոնց կեցուածքներուն եւ խոստումներուն հիման վրայ։
Ստորեւ՝ զօրակցութիւն ապահոված թեկնածուներուն արձանագրած արդիւնքները.
ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ (ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ)
– Ճուտի Չու՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 27րդ ընտրատարածք)
– Ճիմ Քոսթա՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 16րդ ընտրատարածք)
– Աննա Էշու՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 18րդ ընտրատարածք)
– Թետ Լիու՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 33րդ ընտրատարածք)
– Լինտա Սանչեզ՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 38րդ ընտրատարածք)
– Էտըմ Շիֆ՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 28րդ ընտրատարածք)
– Պրետ Շըրմըն՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 30րդ ընտրատարածք)
– Քրիսթի Սմիթ՝ Ա. դիրք եւ մասնակցութիւն վերջին հանգրուանին (քոնկրեսական 25րդ ընտրատարածք)
– Ճեքի Սփիր՝ վերընտրուած (քոնկրեսական 14րդ ընտրատարածք)
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏ
– Թոնի Աթքինզ՝ վերընտրուած (39րդ ընտրատարածք)
– Էնթընի Փորթանթինօ՝ վերընտրուած (25րդ ընտրատարածք)
– Հենրի Սթըրն՝ վերընտրուած (27րդ ընտրատարածք)
– Սքաթ Ուինըր՝ վերընտրուած (11րդ ընտրատարածք)
– Սքաթ Ուիլք՝ վերընտրուած (21րդ ընտրատարածք)
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ
– Մարք Պըրմըն՝ վերընտրուած (24րդ ընտրատարածք)
– Լիսա Քալտերոն՝ մասնակցութիւն վերջին հանգրուանին (57րդ ընտրատարածք)
– Լօրա Ֆրիտմըն՝ վերընտրուած (43րդ ընտրատարածք)
– Ճես Կապրիէլ՝ վերընտրուած (45րդ ընտրատարածք)
– Քրիս Հոլտըն՝ վերընտրուած (41րդ ընտրատարածք)
– Ատրին Նազարեան՝ վերընտրուած (46րդ ընտրատարածք)
– Ճիմ Փեթըրսըն՝ վերընտրուած (23րդ ընտրատարածք)
– Շերըն Քուիրք Սիլվա՝ վերընտրուած (65րդ ընտրատարածք)
– Էնթընի Ռենտոն՝ վերընտրուած (63րդ ընտրատարածք)
– Լուզ Ռիվազ՝ վերընտրուած 39րդ ընտրատարածք
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ԳԱՒԱՌ
– Քեթրին Պարկըր՝ վերընտրուած (վերահսկիչներու խորհուրդ՝ 5րդ ընտրատարածք)
– Ճորճ Կասքոն՝ չընտրուած (շրջանային դատախազ)
– Էլեն Ասատրեան, ընտրուած՝ (Դեմոկրատ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ)
– Ինկրիտ Կանըլ՝ չընտրուած (Դեմոկրատ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ)
– Մալքըմ Ճանսըն՝ չընտրուած (Դեմոկրատ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ)
ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ
– Քեւըն Տէ Լէոն՝ ընտրուած (Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 14րդ ընտրատարածք)
– Փօլ Գրիգորեան՝ վերընտրուած (Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 2րդ ընտրատարածք)
– Ճան Լի՝ վերընտրուած (Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 12րդ ընտրատարածք)
– Տէյվիտ Ռիու՝ Ա. դիրք եւ մասնակցութիւն վերջին հանգրուանին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 4րդ ընտրատարածք
– Փօլա Տիվայն՝ վերընտրուած (Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ)
– Վարդան Կարապետեան՝ չընտրուած (Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ)
– Արտի Քասախեան՝ ընտրուած (Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ)
– Լենըրտ Մանուկեան՝ չընտրուած (Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ)
– Թերի Թորնեք՝ Բ. դիրք եւ մասնակցութիւն վերջին հանգրուանին (Փասատինայի քաղաքապետ)
– Ճօ Պաղտատլեան՝ չընտրուած (Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 4րդ ընտրատարածք)
– Թայրըն Հեմփթըն՝ ընտրուած (Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի առաջին ընտրատարածք)
– Սթիւ Մետիսըն՝ ընտրուած (Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 6րդ ընտրատարածք)
– Պօղոս Փաթաթեան՝ չընտրուած (Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 2րդ ընտրատարածք)
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐ ԵՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
– Սեւան Պենլեան՝ ընտրուած (Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձու)
– Հերի Լիոն՝ ընտրուած (Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձու)
– Ճենիֆըր Ֆրիմըն՝ ընտրուած (Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական)
– Նայիրի Նահապետեան՝ ընտրուած (Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական)
– Ճեքի Կոլտպըրկ՝ ընտրուած (Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական)
– Սքաթ Շմելըրսըն՝ ընտրուած (Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական)
– Ճէյմզ Օսթըրլինկ՝ ընտրուած (Փասատինայի Քաղաքային քոլեճի հոգաբարձու)։