ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- 9 Մարտի առաւօտեան, հակառակորդը շարունակեց կրակել հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին, Տաւուշի ուղղութեամբ: Ոսկեպարի գիւղապետ Սերոբ Մախսուդեան «Ռատիօլուր»ին տեղեկացուց, որ կրակահերթեր արձակուեցան, բայց գիւղը ուղիղ նշանառութեան տակ չէ եղած:
Ըստ գիւղապետին՝ կրակոցները աւելի շատ ստուգողական բնոյթ ունէին:
8 Մարտին, կէսօրէն ետք ժամը շուրջ 3ին, ատրպէյճանական կողմը գնդակոծած էր Ոսկեպարը: Ըստ գիւղապետին՝ ատրպէյճանական զինուժը շուրջ կէս ժամ ռմբակոծեց գիւղը՝ հրաձգային զէնքերէ արձակելով 2 կրակահերթեր, որոնց հետեւանքով քանի մը տուներ զանազան աստիճանի վնասներ կրեցին եւ բակին մէջ կանգնած ինքնաշարժ մը վնասուեցաւ: