ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- 23 Փետրուարին, Գահիրէի մէջ իր մահկանացուն կնքեց «Մոնտ» օրաթերթի հանրածանօթ լրագրող, Միջին Արեւելքի մասնագէտ Ժան Կեռաս (Jean Gueyras), բուն անունով՝ Հայկ Քիրազեան:
1966էն սկսեալ AFP-ի եւ «Մոնտ»ի համար տողավարձով լրագրութիւն ընելէ ետք, 1971ին ան պաշտօնապէս միացած է «Մոնտ»ի խմբագրական կազմին: 25 տարիներ Միջին Արեւելքի բոլոր ճակատներէն լուսաբանումներ կատարած է ֆրանսական հեղինակաւոր այս օրաթերթին համար:
Ժան Կեռաս ծնած է 1925ին, Գահիրէ։ Ան կը տիրապետէր ֆրանսերէնին, անգլերէնին, արաբերէնին եւ հայերէնին։ «Քիր»,– ինչպէս սովորութիւն ունէին զինք անուանել իր գործընկերները, – տասնամեակներու ընթացքին, թէ՛ դէպքերու վայրերէն, թէ՛ Փարիզէն ամենայն բծախնդրութեամբ լուսաբանած է կարեւորագոյն իրադարձութիւնները՝ սկսելով Նասերի մահէն, իսրայէլ-պաղեստինեան կռիւներէն եւ բանակցութիւններէն անցնելով Եմէնի քաղաքացիական պատերազմները, Լիբանանի պատերազմը, Իրանի յեղափոխութեանը, Իսլամի քաղաքականացումը։
Հայկ Քիրազեան 1991ին հանգստեան կոչուելէ ետք եւս շարունակեց աշխատակցիլ «Մոնտ Տիփլոմաթիք»ին։