ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ
ԱԹԷՆՔ.- Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, աշխատանքային քառօրեայ այցելութեամբ Աթէնք ժամանեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հինգշաբթի, 5 Մարտի առաւօտուն։ Ան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ, Աթէնքի մէջ դեսպանութեան շէնքին մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան եւ անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան:
Չարչօղլեան ողջունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը. հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան յունահայ գաղութին իրավիճակին, Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւններու լայն շրջագիծին, Արցախի հիմնահարցին, Հայ Դատի աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ համաձայնագիրէն թելադրուած աշխատանքներու նիւթերը: Զրուցակիցները անդրադարձան Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած բարդ իրավիճակին եւ Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան ու կանխատեսելի զարգացումներուն:
Հանդիպումը անցաւ գործնական մթնոլորտի մէջ, շինիչ գաղափարներու փոխանակումով:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ յունահայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ:
Հինգշաբթի, 5 Մարտի կէսօրուան ժամերուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու ընկերակցութեամբ՝ այցելեց Յունահայոց Ազգային առաջնորդարանը, ուր հանդիպում ունեցաւ թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի, ատենադպիր Թագուոր Յովակիմեանի եւ անդամներ Նազար Աւագեանի եւ Ստեփան Փափազեանի հետ:
Սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութեան ընթացքին խօսակցութիւն ծաւալեցաւ յունահայ գաղութի իրավիճակին, ազգային, հոգեւոր ու կրթական կեանքին շուրջ: Զրոյցը ընդգրկեց Սփիւռքի հայ գաղութներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջագիծը, ապագայի մարտահրաւէրներուն հանդէպ զգօն գտնուելու եւ համախումբ աշխատելու յստակ նպատակներով:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը գնահատեց յունահայ գաղութին մէջ մեծ թափով եւ մղումով տարուող բոլոր աշխատանքները, կարեւոր համարելով բոլորին ներդրումը այս ուղղութեամբ: