ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Միջքրիստոնէական յարաբերութեանց գրասենեակին, եւ հրամանաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, խոնարհաբար, երկու միաբանակից եղբայրներուս հետ՝ Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեանի եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի, մասնակցեցանք ճանաչողական եւ միջեկեղեցական յարաբերութեան այցելութեան մը, ի Հռոմ, Վատիկան:
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ներկայացնող մեր պատուիրակութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երեք հոգեւորականներ՝ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան, Վահրամ քհնյ. Մելիքեան եւ Ադամ քհնյ. Մակարեան:
Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր Արեւելեան ուղղափառ՝ հայ, ղպտի, ասորի, մալանքարա եւ եթովպիոյ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար (Էրիթրիոյ եկեղեցին կը բացակայէր հասկնալի պատճառներով), որպէսզի թէ՛ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականները իրար հետ յարաբերութիւններ զարգացնեն եւ թէ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները նոր իմաստ ունենան:
Սոյն համախմբումը, որ աննախադէպ էր, ունէր երեք տեսակի այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ոլորտ.
Ա. Այցելել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ մեծ դեր ունեցող եւ գործող գրասենեակները: Սոյն այցելութիւններուն հիմնական նպատակն էր ծանօթանալ անոնց պատասխանատուներուն եւ մօտէն ճանչնալ անոնց ծառայութեան գործելաոճին, ծրագիրներուն, աշխատանքներուն եւ իրագործումներուն: Այս ծիրին մէջ էին. Միջքրիստոնէական բաժանմունքը (Pontifical Council for Promoting Christian Unity), Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակը (Congregation for Catholic Education), Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութեանց գրասենեակը (Congregation for Oriental Churches), Հաւատքի աստուածաբանութեան գրասենեակը (Congregation for the Doctrine of Faith), Միջկրօնական երկխօսութեանց բաժանմունքը (Pontifical Council of Interreligious Dialogue), ինչպէս նաեւ Վատիկանի նահանգապետ կարտինալի գրասենեակը (Secretariat of State in Apostolic Palace):
Բ. Այցելել Վատիկանի մէջ գտնուող ուսումնարանները, կրօնական կաճառները եւ վանքերը: Այս ծիրին մէջ կը գտնուէին Պապական հովանաւորութեան տակ գտնուող եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ամէնէն նշանաւոր համալսարանները, ինչպէս՝ Կրեկորեըն (Pontifical Gregorian University), Լաթըրըն (Pontifical Lateran University), Անճելիքում (Pontifical University of Saint Thomas Aquinas, Angelicum), Սան Անսեմ (Pontifical Athenaeum of St Anselm) կաճառները եւ Արեւելեան եկեղեցիներու հիմնարկը (Pontifical Oriental Institute): Սոյն համալսարաններուն տնօրէնները եւ պատասխանատուները մեզ դիմաւորեցին եւ անձամբ ներկայացուցին իրենց համալսարանական ուղղութիւնները, բաժանմունքները եւ նիւթերը՝ յոյս յատնելով, որ իրենց համալսարանները կ՛ունենան Արեւելեան եկեղեցիներու կողմէ ուսանողներ, հարստացնելով համալսարանին միջեկեղեցական գեղեցիկ մթնոլորտը: Այս ոլորտին մէջ նաեւ կային այն ուսումնարանները, որոնք աստուածաբանութիւն ուսանող եկեղեցականներու եւ եկեղեցականութեան կոչումը ունեցող թեկնածուներու համայնք ստեղծած են, ինչպէս՝ Հայ կաթողիկէ Լեւոնեան վարժարանը (Pontifical Armenian College), ուր սեղանակից եւ աղօթակից եղանք պատրիարք հօր՝ Գրիգոր Պետրոս Ի.ին, Մարոնիներու ուսումնարանը (Pontifical Maronite College), ուր նաեւ սեղանակից եւ աղօթակից եղանք մարոնիներու Պշարա Ռաաի պատրիարքին եւ Եթովպիոյ կաթոլիկ ուսումնարանը (Pontifical Ethiopian College):
Գ. Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, նոյնիսկ քրիստոնէութենէն առաջ եւ քրիստոնէութեան սկզբնական առաջին դարերուն կեանքը ներկայացնող սրբավայրեր եւ հաստատութիւններ: Սոյն սրբավայրերուն շարքին մէջ էին Ս. Պետրոսի Մայր տաճար պազիլիքան եւ անոր ներքնայատակը գտնուող հին եկեղեցին, քրիստոնէութեան առաջին դարերէն մնացած Սան Փրիսիլայի գերեզմանատունը, Վատիկանի մատենադարանը եւ թանգարանները, Սիսթինեան մատուռը, Ս. Պօղոս առաքեալի տաճարը, եւ այլն, որոնք իսկական պատկերացումը կու տան, թէ նախաքրիստոնէական շրջանի մշակոյթին եւ մտածելաոճին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական առաջին դարերու միջավայրին ու մթնոլորտին:
Ի վերջոյ, այս ծրագիրին աւարտին, օրհնութիւնը ունեցանք հիւընկալուելու Ֆրանսիս պապին կողմէ, երբ ան իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց մասնակից բոլոր հոգեւորականներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններս փոխանցեցինք վեհափառ հօր եղբայրական ողջոյնները եւ օրհնութիւնները:
Թէեւ, միջեկեղեցական յարաբերութեանց ծիրին մէջ, եկեղեցական հոգեւոր առաջնորդները եւ պատասխանատուները բազմաթիւ առիթներով կը հանդիպին եւ պաշտօնական յարաբերութիւններ կը մշակեն ու կը զարգացնեն, սակայն, երբեմն քիչ առիթներ կ՛ըլլան այդ ծիրին մէջ, յատկապէս երիտասարդ հոգեւորականներ, իրար հետ ժամանակ անցընելով՝ միասին ըլլալու, սեղանակից դառնալու եւ խորհրդածութիւններ բաժնելու: Մանաւանդ երիտասարդ սերունդի պատկանող հոգեւորականներս կը պատրաստուինք տարիներու եւ դարերու մեր յարաբերութիւնները պահելու եւ զարգացնելու՝ ի շահ եւ ի խնդիր Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին: Հետեւաբար, այս մէկը գեղեցիկ առիթ եղաւ թէ՛ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ գործունէութեան ծանօթանալու եւ թէ, միաժամանակ, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներու հետ շփում ունենալով, մեր կապերը ամրացնելու:
Միջեկեղեցական յարաբերութիւնները լաւապէս ճանչնալու համար, անհրաժեշտ է ճանաչողութիւնը, այլ խօսքով՝ զիրար ճանչալը: Ոչ միայն եկեղեցիները զիրար ճանչնան աստուածաբանական եւ եկեղեցագիտական ուղղութիւններով, այլեւ ճանչնան իւրաքանչիւրին առաքելութեան գործելաոճերը, աշխատանքային ծրագիրները եւ մարտահրաւէրները յաղթահարելու ռազմամիջոցները: Ի վերջոյ, ոչ մէկ եկեղեցի, ինքն իր պարունակին մէջ լճացած կրնայ յառաջդիմել, այլ ընդհակառակը՝ զիրար քաջալերելով, իրարմէ սորվելով, կ՛աշխատին պայծառացնել նոյն նպատակը՝ Քրիստոսի քարոզութեան եւ աստուածային շնորհքի տարածումը: Հետեւաբար, այս ճանաչողական համախմբումը, մեզ բոլորիս առիթ ընծայեց լաւապէս ճանչնալու Կաթոլիկ եկեղեցին, իր համալսարաններով, գրասենեակներով եւ կազմակերպութեամբ: Սակայն, ձեռնարկումը հոս պիտի չդադրի, այլ ունի շարունակականութիւն մը, որ տարուէ տարի, պիտի հիւրընկալուի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն կողմէ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իրենց երկրին մէջ, նոյնպիսի ծրագիրով, ընդլայնէ այլ հոգեւորականներու ճանաչողութիւնը հիւրընկալող եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ:
Միջեկեղեցական յարաբերութեանց մէջ չկան մեծ ու փոքր եկեղեցիներ, այլ միայն՝ յարաբերութեանց մէջ գործօն մասնակցութիւն բերող եկեղեցիներ: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անդաստանին մէջ, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական առաքելութիւնը իւրայատուկ դեր եւ իմաստ ունի: Անուրանալի փաստ է նաեւ, թէ Սուրբ աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրերուն, մեր մասնակցութիւնը իւրայատուկ աշխուժութիւն մը ունեցած է միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններուն մէջ, եւ միաժամանակ Անթիլիասը եղած է տարբեր ազգերու, եկեղեցիներու եւ կրօնքներու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու տուն: Առ ի յարգանք մեր միջեկեղեցական յարաբերութեանց ընկալման, փոխադարձաբար նաեւ, տարբեր երկիրներու մէջ, հոգեւոր կեդրոններ եւ հաստատութիւններ մեծ սիրով եւ ընդունելութեամբ հիւրընկալած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորականները:
Փաստօրէն, անցեալին եւ մինչեւ ներկայիս, հոգեւորակններ նաեւ ուսանած են եւ կ՛ուսանին Հռոմի մէջ: Ներկայիս, մեր միաբանակից եղբայրներէն Պսակ վրդ. Թէփիրճեան կ՛ուսանի Հռոմի Արեւելեան եկեղեցիներու համալսարանական հիմնարկին մէջ՝ առ ի գործնական նշան միջեկեղեցական գործակցութեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ:
Այս ձեռնարկներուն ընթացքին էր, երբ կարեւոր մտածում մը միտքս գրաւեց. եթէ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդներուն յարաբերութիւնները, յատկապէս միջեկեղեցական մարզին մէջ, աշխոյժ եւ առանցքային չըլլային, շատ դժուար պիտի ըլլար նման ձեռնարկներու կամ որեւէ առիթով, տարբեր եկեղեցիներու հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու քով-քովի համախմբուիլը եւ սեղանակից ըլլալը: Հաւանաբար, չենք անդրադառնար, թէ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումները եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները այնքան ուղղակի եւ անուղղակի դեր կը խաղան տիեզերական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որ այսօրուան եկեղեցւոյ միասնութեան պատկերը կը փայլեցնէ: Թէեւ միջեկեղեցական կեանքին մէջ դէպի միասնականութեան ճանապարհը բնականաբար երկար է, սակայն նաեւ շատ կարեւոր է տեսնել, թէ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները միասնականութեան ճանապարհին վրայ են, երկխօսութեան եւ միատեղ ձեռնարկումներու ճամբով:
Նախ եւ առաջ, պարտք կը զգամ որդիական շնորհակալութիւն յայտնելու իմ եւ հոգեւոր եղբայրներուս կողմէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ջահը բոցավառ ու վեհ պահելուն, եւ մանաւանդ մեզի՝ նման հազուագիւտ եւ դաստիարակչական առիթի մը մասնակցելու օրհնութիւնը տալուն համար:
Ի վերջոյ, խորապէս շնորհակալ ենք հիւրընկալող Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Միջքրիստոնէական բաժանմունքին, որ նման համախմբում մը ձեռնարկեց եւ մեծ սիրով հիւրընկալեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող միաբաններս: