ԷՆԻՍԻՆՕ.- Ֆերահեան Ազգային վարժարանի ուսուցիչ Արմէն Սարաֆեան որոշած է իր մասնակցութիւնը բերել Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 160 մղոննոց վեցօրեայ վազքի գերմարաթոն մրցումին, որ կը կազմակերպուի «Պետուոթըր 135» անունով ծանօթ՝ 135 մղոննոց մրցումին վարպետներէն Քրիս Քասթմընի կողմէ։
Այս ամրան վերջաւորութան կայանալիք մրցումին նպատակն է Արցախը լուսարձակի տակ առնել, հետեւելով 2017ին Թելմա Ալթունի կողմէ իրականացուած 178 մղոննոց մրցումին։
Արմէն Սարաֆեան այս նպատակով դրամահաւաքի մը սկսած է www.gofundme.com/f/artsakh-ultra-support-and-armenian-runner կայքէջին միջոցաւ։
Մրցումին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.badwater.com/event/artsakh կայքէջը։