ՖՐԵԶՆՕ, «Նոր Օր».- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին տարեկան 32րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Մարտին, կ.ե. ժամը 5էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի «Ֆորթ Ուաշինկթըն» ակումբի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 10272 N. Millbrook Ave., Fresno, CA 93730։
Գնահատանքի պիտի արժանանան Հայագիտականին տարիներէ ի վեր նեցուկ կանգնող «Փիթըրզ» հիմնարկը, ինչպէս նաեւ Առնոլտ եւ Տայանա Ղազարեանները։
Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: