
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- 1920ը կը զուգադիպի Կիլիկիոյ քաղաքներու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն եւ անոնց յաջորդած ջարդերուն ու Կիլիկիոյ երկրորդ պարպումին: Արդարեւ, ինչ որ սկսաւ Յունուար 1920ին, երբ քեմալական Թուրքիոյ ուժերը յարձակեցան Մարաշի վրայ եւ զայն ընտրեցին իբրեւ իրենց առաջին թիրախը թրքական հանրապետութեան կայացման, յաջորդող ամիսներուն եւ տարիներուն տարածուեցաւ նաեւ Կիլիկիոյ այլ քաղաքները՝ Այնթապ, Քիլիս, Սիս, Հաճըն, մինչեւ իսկ Ուրֆա, ապա Ատանա: Այսպէս, առաւել քան 160,000 հայեր կրկին Կիլիկիա փոխադրած ֆրանսական ուժերը, արդէն 1919ի Օգոստոսին համաձայնութիւն կնքած էին քեմալական Թուրքիոյ հետ, որուն հիմամբ համաձայնած էին Կիլիկիան յանձնել քեմալականներուն եւ հայութիւնը անգամ մը եւս դնել թուրքերու անողորմ իշխանութեան ներքեւ: Աւելին, 1919ի Դեկտեմբերին ֆրանսացի զօրավար Փիքօն իր կարգին համաձայնութիւն մը կնքեց Քեմալի հետ՝ ամրապնդելով այն, ինչը Օգոստոսին կատարած էր ֆրանսացի դիւանագէտ Պիւյոն…
Կիրակի, 23 Փետրուար, 2020ին, գաղութիս բոլոր յարանուանութիւններուն եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրուած էր ինքնապաշտպանութեան ընթացքին զոհուած նահատակներուն ու յաջորդած ջարդերուն ընթացքին սպաննուած մարաշցիներուն հոգիներուն համար, եւ նոյն օրը յետմիջօրէին, Մարաշի հայրենակցական միութեան (ՄՀՄ) հրաւէրով տեղի ունեցաւ Մարաշի ինքնապաշտպանութեան եւ աղէտին հարիւրամեակի ոգեկոչման հոգեճաշ եւ հանդիսութիւն, ՄՀՄի Փասատինայի կեդրոնին մէջ:
Սրահը լեցուն էր մարաշցիներով եւ Կիլիկիոյ այլ քաղաքներէն սերած հայորդիներով:

Օրուան հանդիսավարն էր ՄՀՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Սիրվարդ Տէյիրմէնճեան: Ան նախ բեմ հրաւիրեց Սիւզի Փանոսեան Պաղտոյեանը, որ դաշնակի վրայ հմտաբար նուագեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՄՀՄի քայլերգները:
Ապա հանդիսավար Տէյիրմենճեան բեմ հրաւիրեց պատմաբան դոկտ. Կարապետ Մոմճեանը, որ կատարէ օրուան բացման խօսքը եւ ներկայացնէ օրուան կղերական ներկայացուցիչները, որպէսզի իրենց պատգամները փոխանցեն ներկաներուն:
Դոկտ. Մոմճեան հակիրճ պատմականը կատարելէ ետք՝ յստակացուց, որ եթէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական դերակատարները թուրք օսմանեան պետութիւնը եւ զայն ղեկավարող երիտթուրքերն էին, ապա Մարաշի երկրորդ պարպումին հիմնական դերակատարն էր նոյնինքն «ասպետական Ֆրանսա»ն, որ գաղտնի կերպով համաձայնեցաւ քեմալականներուն հետ եւ տակաւի՛ն Մարաշ տակաւին նոր վերահաստատուած շուրջ 20,000 հազար հայութիւնը ձգեց իր ճակատագիրին (նշենք որ նախքան 1915ի Ցեղասպանութիւնը՝ Մարաշի հայութեան թիւը 40,000ով կը գնահատուէր):
Նկատի ունենալով որ Մարաշի մէջ գոյութիւն ունէր հայ երեք յարանուանութիւններուն պատկանող բնակչութիւն, դոկտ. Մոմճեան իրերայաջորդ կերպով բեմ հրաւիրեց հիւր կղերականները, որոնք էին՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, որ կը ներկայացնէր Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Վաչէ քհնյ. Հայրապետեան, որ կը ներկայացնէր Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը (քահանայ հայրը իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազաբ հօր անունով կարդաց անոր այս առթիւ ՄՀՄին ու անոր անդամներուն ուղղած յատուկ գրութիւնը) եւ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, որ կը ներկայացնէր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Պերճ Ճանպազեանը:
Խօսք առաւ նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նախկին համայնքապետ եւ բնիկ մարաշցի ծնողներու զաւակ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան:

Խօսք առնող բոլոր կղերականները շեշտը դրին Ցեղասպանութենէն ետք հայութեան եւ մանաւանդ կիլիկահայութեան գոյատեւման ու զայն անուանեցին աստուածային հրաշք, նաեւ ազդանշան մը Թուրքիոյ, որ հայը կայ, կը մնայ ու պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ պայքարիլ իր դէմ գործուած ահռելի ոճիրին ընդունման ու հայութեան իրաւունքներու վերադարձին համար:
Անոնք նաեւ խթանեցին ներկաները, որ այս կտակը անպայման փոխանցեն նոր սերունդին եւ այդպիսով վստահ ըլլան, որ պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան արուեստագէտներ՝ երգչուհի Սալբի Մայիլեան, երգիչ Գագիկ Պատալեան եւ ասմունքող Մարինէ Քէշիշեան, որոնք հմուտ կատարողութեամբ ներկայացուցին օրուան խորհուրդը պարփակող երգեր եւ ասմունքներ:
Ներկաները վերանորոգուած ոգիով սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին՝ ՄՀՄի Փասատինայի մասնաճիւղի աշխատանքներուն իբրեւ զօրակցութիւն:
Թող Աստուած մեր աղէտեալ զոհերուն հոգիները լոյսերու մէջ պահէ եւ Մարաշի յիշատակը միշտ վառ պահէ մեր հայրենակիցներուն մօտ:
(Թղթակցութիւնը՝ Քալիֆորնիոյ ՄՀՄի վարչութենէն)