ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ջոկատի զինուորները Գերմանիոյ Հոհենֆելս քաղաքին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանին մէջ մասնակցեցան «Քոսովոյի ուժեր» բազմազգ զօրավարժութեան:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ հայ խաղաղապահները անգամ մը եւս ուշադրութիւն գրաւեցին հմուտ եւ կազմակերպուած իրենց գործողութիւններով եւ արժանացան զօրավարժութեան կազմակերպիչներուն բարձր գնահատականներուն: