ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Շիրակի մարզին մէջ մասնակցեցաւ զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար նախատեսուած նորակառոյց բնակելի շէնքի բացման արարողութեան։
Տօնոյեան շնորհաւորեց բնակարանամուտ տօնող սպաները՝ ծառայողական բնակարաններ ստանալու առթիւ եւ յայտնեց, որ զինուորներուն ընկերային ապահովութեան վերաբերող ծրագիրները շարունակական են եւ մեծապէս կը նպաստեն ծառայութեան ամբողջական իրականացման ու զինուորներու մարտունակութեան բարձրացման:
Դաւիթ Տօնոյեան այցելեց նաեւ Գիւմրիի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ 102րդ ռազմակայանի տարածքին մէջ կառուցուող մարզամշակութային համալիրի շինութեան հրապարակը: Ամիսներ ետք այդ տարածքին մէջ պիտի գործէ ժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած համալիր մը, ուր կարելիութիւն պիտի ունենան իրենց հանգիստը վայելելու զինուորները ու անոնց ընտանիքներուն անդամները: