ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) Վ. Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ տեղի ունեցաւ անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն օրակարգին վրայ էր աստղադիտարանին՝ Հայաստանի ԳԱԱի համակարգին մէջ ըլլալու հարցը:
Աստղադիտարանէն յայտնեցին, որ ժողովին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած բոլոր գիտաշխատողները համակարծիք էին այն միտքին, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան մեծ ներդրում ունի Հայաստանի մէջ գիտութեան ընդհանուր զարգացման եւ գիտահետազօտական կառոյցներու խմբաւորման գործին մէջ:
Ժողովին յաջորդեց քուէարկութիւն՝ հետեւեալ հարցով.
«Նպատակայարմա՞ր է արդեօք, որ ՀՀ ԳԱԱ Վ. Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանը լինի ՀՀ ԳԱԱ համակարգի կազմի մէջ»: Քուէարկութեան մասնակցող 41 աշխատակիցներէն 38ը քուէարկեց թեր, իսկ 3ը՝ դէմ:
Քուէարկութեան լոյսին տակ, Վ. Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանի անձնակազմին ճնշող մեծամասնութիւնը հաստատեց, որ գիտութեան զարգացման համար նպատակայարմար է Բիւրականի աստղադիտարանին՝ ԳԱԱ համակարգին մէջ գործելը: