ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայկական, ասորական, յունական եւ հրէական համայնքներու ղեկավարները վարժ են այս գործելակերպին եւ պատրաստակամօրէն կը կատարեն թրքական պահանջները՝ գիտակցելով, որ այդ պահանջը չկատարելը կրնայ հարցեր յառաջացնել անձամբ իրենց եւ իրենց համայնքներուն համար:
Նախապէս նման հրամաններ փոքրամասնութիւններու ղեկավարներուն կը տրուէին աւելի նուրբ ձեւով: Օրինակ՝ թուրք պաշտօնեայ մը կը հեռաձայնէր կամ կ՛այցելէր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին եւ զգուշօրէն կ՛առաջարկէր, որ թերեւս լաւ գաղափար է տուեալ քաղաքական հարցի մը մասին հրապարակային յայտարարութիւն մը կատարելը: Բնականաբար, նախորդ պատրիարքները երբեք չեն հրաժարած գործադրելէ այսպիսի առաջարկներ, որոնք աւելի շատ նման են թրքական կառավարութեան հրամաններուն: Տարբեր պատրիարքներու արձագանգներուն միջեւ միակ տարբերութիւնը անոնց յայտարարութիւններու լեզուն կերպով մը մեղմել կամ խստացնելն էր:
Այն, որուն հիմա մենք ականատես կ՛ըլլանք, բոլորովին ուրիշ բան է: Նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մենատիրական կառավարութիւնը այնքան բռնակալ դարձած է, որ անցեալ շաբաթ նամակ մը յղեց Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու չորս կրօնական առաջնորդներուն՝ պահանջելով, որ անոնք ստորագրեն զայն եւ նամակը վերադարձնեն նախագահին գրասենեակը: Անոնք՝ չորսն ալ անմիջապէս կատարեցին պահանջը:
Փոքր անակնկալը այն էր, որ Էրտողանի՝ փոքրամասնութիւններու կրօնական առաջնորդներուն ուղարկած նամակէն մէկ շաբաթ առաջ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած էր հիմնականին մէջ աջակցելով Էրտողանի հետագայ նամակին մէջ արտայայտուած տրամադրութիւններուն: Պատրիարքը պէտք չէ մեղադրել ո՛չ սեփական քարոզչական նամակը նախօրօք գրելուն, ոչ ալ կառավարութեան կողմէ թելադրուած նամակը ստորագրելուն մէջ: Վերջապէս, պատրիարքը գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ակնկալեն իրմէ, եւ յայտարարութիւն կատարեց առանց սպասելու պաշտօնական հրամաններու:
Տուեալ պարագային, հարցը այն է, որ վերջերս Թուրքիոյ զինուած ուժերը ներխուժեցին Հիւսիսային Սուրիա, բան մը, որ յանգեցուց տասնեակ թուրք զինուորներու կորուստին: Հայոց պատրիարքութիւնը տարածեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Իտլիպի մէջ պատահած յարձակումը եւ անոր հետեւանքով թուրք զինեալ ուժերու 33 հերոս զինուորներու նահատակութիւնը մեր երկրին մէջ խոր ցնցում յառաջացուց: Սրտանց բաժնելով մեր ազգին ցաւը՝ նահատակներուն համար ի Տեառնէ կը հայցենք ողորմութիւն: Մեր հերոս բանակը պետութեան գոյատեւման երաշխիքն է: Իրենց զինակից ընկերներուն կորսնցուցած բանակի բոլոր անդամներուն կը հայցենք տոկունութիւն: Նաեւ կը շարունակենք աղօթել, որ աշխարհի եւ յատկապէս մեր տարածքին մէջ խաղաղութիւնը տիրապետէ: Յանուն Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան, Կրօնական ժողովին եւ համայնքի բոլոր անդամներուն, կու գանք հանրութեան հետ բաժնել մեր այն հաւատքը, թէ այս դժուար գործընթացը կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել միութեան եւ միասնականութեան մթնոլորտին մէջ»:
Պատրիարքարանը աւելի ուշ ստորագրեց Էրտողանի գրասենեակին խմբագրած աւելի քարոզչական բնոյթ կրող նամակը: Ահա հատուածներ այդ երկու էջնոց նամակէն.
«Մեր երկիրը միշտ եղած է յառաջատարը այն քայլերուն, որոնց միջոցով ծառայած է խաղաղութեան՝ տարածաշրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ՝ ոգեշնչուած իր հնագոյն պատմութեամբ եւ խորապէս արմատացած քաղաքակրթութեամբ: Մեր Անկախութեան պատերազմէն ի վեր, շատ կարեւոր պայքարներ տարուած են մեր անկախութեան, ապահովութեան եւ բարօրութեան համար:
«Այս պայքարներերէն իւրաքանչիւրին մէջ մեր սիրասուն ազգին կողմէ բացայայտուած զօրաշարժի ոգին եզակի օրինակ է ամբողջ աշխարհի համար: Իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ, մենք բոլորովին աջակից ենք մեր պետութեան այն քայլերուն, որոնք հիմնուած են երկրի ապահովութեան եւ շահերուն վրայ եւ որոնք նաեւ կը պաշտպանեն խաղաղութեան հաստատումը եւ պահպանումը մեր շրջանին մէջ։
«Մենք կը պնդենք, որ իր ակունքին մէջ ահաբեկչութիւնը խեղդելու այս պայքարը պէտք է շարունակուի նոյն վճռականութեամբ: Մենք գիտենք, որ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը կասկածի տակ դնելը կը նշանակէ անտեսել մեր սահմաններուն ապահովութիւնը:
Տարբեր երկիրներու մօտեցումը՝ ի նպաստ ահաբեկչական խումբերու եւ սատարումը շրջանային անկայունութեան, ցոյց կու տայ, որ նշեալ խումբերուն դէմ պայքարին մէջ մենք յաճախ մինակ ենք:
«Սակայն մեր ժողովուրդը, որ հեռատես է, միշտ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ իր պետութեան կողքին: Իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ, մենք հպարտ ենք, որ այս նուիրական ազգին մաս կը կազմենք: Մեր տարածքին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն համահունչ՝ մենք կը յայտնենք, որ թիկունք կը կանգնինք մեր երկրի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար մեր պետութեան կողմէ ընդունուած իւրաքանչիւր որոշման՝ ընդդէմ այս դաժան մարդասպաններուն եւ հրէշներուն, եւ մենք կը զօրակցինք ձեռնարկուած իւրաքանչիւր քայլի: Թող ոչ ոք կասկածի, որ մենք չենք կրնար յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները միասնութեամբ եւ համերաշխութեամբ, ինչպէս եղած է մինչեւ այսօր:
«Թուրքիան խաղաղութեան երկիր է: Թուրքիան խաղաղութեան բանալին է շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ:
«Հակառակ մեր ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր խոչընդոտներուն եւ յարձակումներուն, մենք կ՛ուզէինք աշխարհին ըսել, որ պատրաստ ենք աջակցելու մեր պետութեան եւ բանակին, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային պայքարելու անոնց հետ, որպէսզի պաշտպանենք մեր ազգային ապահովութիւնը, կանխենք մարդկային նոր ճգնաժամերը եւ խաղաղութիւն հաստատենք մեր շրջանին մէջ:
«Մենք դարձեալ կը բացագանչենք ի լուր աշխարհի, որ մենք կը պաշտպանենք այս հայրենիքը բոլոր պայմաններուն մէջ, եւ կը պայքարինք պետութիւն-ազգ համախմբուած՝ ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի տուած»:
Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ ոչ բոլոր քաղաքացիները կը զօրակցին կառավարութեան՝ Սուրիա ներխուժման գծով: «Ճումհուրիէթ» թերթը շատ խիստ յօդուած մը հրատարակեց՝ մեղադրելով Էրտողանը փոքրամասնութիւններու վրայ ճնշում գործադրելու յանցանքով:
Թոմա Չելիք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ է, նամակ մը յղեց Թուրքիոյ փոխնախագահին՝ խնդրելով, որ ան պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն.
– Ո՞վ պատրաստած է փոքրամասնութիւններուն ուղղուած նախագահին նամակին գրութիւնը.
– Ո՞վ որոշած է նամակը ուղարկել փոքրամասնութիւններուն.
– Ուրիշ ինչպիսի՞ խումբերու ուղարկուած է այս նամակը.
– Արդեօք անոնք, որոնք կը մերժեն ստորագրել նամակը, պիտի պատժուի՞ն:
Այն պահուն, երբ Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ եւ տասնեակ մը լրագրողներ բանտ նետուած են Էրտողանի վարչակարգին կողմէ, իւրաքանչիւր անձ, որ չի հնազանդիր Էրտողանի հրամաններուն, բանտարկութեան ենթարկուելու վտանգին տակ է: Մինչ Էրտողան ի վիճակի չէ Սուրիոյ դէմ պատերազմին գծով համաձայնութիւն գոյացնելու Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ, շատ աւելի դիւրին է իր հիասթափութիւնը ու վրէժխնդրութիւնը թափելու անմեղ մարդոց վրայ, իր երկրի սահմաններէն ներս:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ