ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Երկուշաբթի, 9 Մարտի երեկոյեան, Փարիզի 15րդ թաղամասի «Պալ Պլոմէ» սրահը, հակառակ «Քորոնա» ժահրին այս օրերուն ամէնուրեք պատճառած մղձաւանջին, ծայրէ ծայր լեցուն էր, նոյն թաղամասի Paris en commun ընկերվարական ցանկի հանրահաւաքին առթիւ. ցանկ մը, որ կը գլխաւորէ խոստմնալից երիտասարդ հայուհի, Ֆրանսայի ՀԲԸՄի տնօրէնուհի Անոյշ Թորանեան:
Հանրահաւաքին բացումը կատարեց Փարիզի պաշտօնաւարտ քաղաքապետուհի եւ իր յաջորդութեան թեկնածու Անն Հիտալկօ, որ յանպատրաստից ճառով մը փորձեց 40 վայրկեանի մէջ խտացնել իր ընտրական ծրագիրը, որ մեծ մասամբ կը կեդրոնանայ բնապահական նախաձեռնութիւններու վրայ: Ապա դր-ուատիքով անդրադարձաւ Անոյշին մասին, որու մէջ ինք՝ Հիտալկօ կը տեսնէ աւելի քան խոստմնալից քաղաքական դէմք մը, իր իսկ բնորոշումով՝ «քաղաքական գազան» մը:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Անոյշը, որ Հիտալկոյի ներկայացուցած ծրագիրին ընդհանուր գիծերուն մէջ մնալով, անոր՝ իր թաղամասին պատշաճեցուած տարբերակը ներկայացուց, մանրամասնութիւններ տալով իւրաքանչիւր թաղի մասին: Ակներեւ էր հայ երիտասարդուհիին հանգիստ ոճը, որ ժպտադէմ, առոյգ եւ փայլուն ձեւով հաղորդեց իր ցանկին ունեցած տեսլականը:
Հանրահաւաքը վերջ գտաւ ֆլամենկոյի ծանօթ հայ պարուհի Լօռի Լա Արմենիայի ելոյթով:
Յիշեցնենք, որ այս ընտրութիւններուն Անոյշ Թորանեանի գլխաւոր մրցակիցը ծագումով թրքուհի մըն է՝ Անիէս Էվրէն, որ կը գլխաւորէ Հանրապետականներու ցանկը: Էվրէն արդէն եւրօերեսփոխանուհի է։