ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
4 Փետրուարի առաւօտեան, մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ, Հայ Քոյրերու վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ, հայերէնաւանդ ուսուցիչներու եւ վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուսիային ընկերակցութեամբ՝ դիմեցին դէպի «Արարատ տուն»:
Աշակերտներուն համար հետաքրքրական էր տեսնել համայնքին մէջ իր վարկն ու յատուկ տեղը ունեցող տարեցներու տունը, ուր մամիկներ եւ պապիկներ հոգատարութիւն կը վայելեն եւ կը փորձեն իրենց կեանքը շարունակել խաղաղ եւ հոգատար ձեռքերու մէջ: Տարեց պատսպարեալներուն համար նոյնպէս հետաքրքրական էր հանդիպիլ մեր պատանիներուն եւ տեսնել անոնց ներշնչումը՝ հայ մշակոյթով, հայերէնով եւ հայրենասիրութեամբ:
Հետեւաբար, փետրուարեան այդ պայծառ առաւօտը ոգեւորիչ էր երկուստեք. «Արարատ տան» ամսական ճաշկերոյթի գեղարուեստական յայտագիրը կը ներկայացնէին Հայ Քոյրերու վարժարանի ութերորդ կարգի աշակերտները՝ իրենց խմբային արտասանութիւններով եւ պարերով, որոնք աւելի գեղեցկացան եւ դարձան ամբողջական, նախակրթարանէն երեք աշակերտներու մասնակցութեամբ յայտագիրին՝ ասմունքով եւ պարերով:
Յայտագիրը բծախնդրօրէն պատրաստուած էր եւ նուիրուած Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանի հիմնադրութեան 35ամեայ յաղթական երթին:
Սրահը գեղեցկօրէն զարդարուած էր. ամէն կողմ կը տիրէին Փետրուար ամիսը խորհրդանշող զարդեր, սրտիկներ, ինչպէս նաեւ մթնոլորտին մէջ կար սիրոյ եւ գուրգուրանքի շունչը:
Ցերեկոյթը սկսաւ ճիշդ ժամուն. մեծ թիւով ներկաներ անհամբեր կը սպասէին յայտագիրին գործադրման։
Ալիս Գաւալճեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցան վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու առաքինազարդ քոյր Լուսիան եւ քահանայ հայրը, որ օրհնեց սեղանները, իսկ քոյր Լուսիան առաջնորդեց Տէրունական աղօթքը։ Ապա սկսաւ ճաշկերոյթը տեղւոյն խոհանոցին կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերով, նոյն ժամանակ աշակերտներուն հրամցուեցան ախորժաբեր ուտելիքներ:
Ճաշի միջոցին, յայտագիրին գործադրութիւնը սկսաւ, երբ Ֆիմի Գրաճեան ներկաներուն մատուցեց դաշնամուրի վրայ հանրածանօթ եւ խանդավառող հայկական եւ օտար երաժշտական դասական ստեղծագործութիւններ, որոնք խանդավառեցին ներկաները, յատկապէս մամիկներն ու պապիկները, որոնք հիացմունքով կը հետեւէին վարժ մատներով ներկայացուող երաժշտութեան:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ ութերորդ դասարանի աշակերտներուն մատուցած խմբային արտասանութիւններով. անոնք ներկայացուցին Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն եւ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» սիրուած ու ճանչցուած ոտանաւորները։ Աշակերտները իրենց ապրումով եւ հպարտ ասմունքով ոչ միայն բոլոր ներկաներուն ուշադրութիւնը կլանեցին, այլ պարտադրեցին, որ անոնք միանան իրենց եւ խրոխտօրէն գոչեն՝ «Արարատի նման ճերմակ ճակատ չկայ»։
Յաջորդաբար բեմ բարձրացան չորրոդ դասարանէն երկու աշակերտուհիներ եւ ներկայացուցին «Հերոսներ Աւարայրի»ն, իսկ միջոցին, ութերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ պարեցին խանդավառ «Շալախօ» պարը։
Նախակրթարանէն երկու աշակերտներ ներկայացուցին զոյգ պար մը, ապա մենապար մը եւ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Հայոց աշխարհ» երգին դիւթիչ երաժշտութեան տակ խմբային պարով մը, որուն աւարտին աշակերտները յաղթական վեր բարձրացուցին Հայ Քոյրերու վարժարանին նշանակը՝ հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասած էր. ծնողներ, ուսուցիչներ, ներկաներ, հիւրեր բոլորը գոհունակ եւ հպարտութեան, հայրենասիրութեան եւ հիացմունքի զգացումներով զեղուն կը շնորհաւորէին զիրար:
Հայու ոգին ու կամքն էր, որ կը տիրապետէր այդ պահուն մթնոլորտին մէջ, բուռ մը հայեր կրցած էին Արարատի ներկայութիւնը զգալ «Արարատ տան» մէջ:
Այս առիթով, շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղենք «Արարատ տան» Հոգաբարձութեան յարգելի անդամներուն, յատկապէս դոկտ. Սիլվա Գարայեանին, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան պարախումբի յանձնախումբին, մասնակցող աշակերտներու ծնողներուն, հայերէն դասաւանդող ուսուցչուհիներուն եւ վերջապէս աշակերտներուն, որոնք մեծ ուրախութեամբ իրագործեցին իրենց վստահուած այս աշխատանքը: