«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Քորոնա» ժահրին տարածումով ստեղծուած համաշխարհային առողջապահական տագնապը արդէն կլանած է նաեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը: Ինչպէս ամէնուրեք, այս տագնապին պարտադրած արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն եւ պահանջներուն ենթարկուելու պարտաւորութեան տակ ենք բոլորս՝ հաւաքաբար իբրեւ համայնք, եւ անհատապէս՝ իբրեւ քաղաքացիներ: Մեր համայնքի ազգային կրթական հաստատութիւններու պատասխանտու մարմիները, ինչպէս նաեւ միութենական վարչութիւնները, հետեւելով պետական համապատասխան մարմիններու նախազգուշական թելադրանքներուն՝ արդէն իսկ առած են պատշաճ քայլերը՝ ջնջելով կամ յետաձգելով հանրային կամ հաւաքական բնոյթ ունեցող բոլոր գոր-ծունէութիւնները եւ ձեռնարկները:
Նոյն հետեւողութեամբ եւ իբրեւ նախազգշութիւն՝ «Ասպարէզ»ը եւս որոշած է իր գրասենեակային աշխատանքի դրութիւնը փոխարինել տնային աշխատանքի դրութեամբ, յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին: Առ այդ, այս երկու շաբաթներուն, «Ասպարէզ»ի տպագիրը լոյս պիտի տեսնէ շաբաթը մէկ անգամ՝ Ուրբաթ եւ Շաբաթ միացեալ թիւի ձեւով:
Մնացեալ օրերուն, մեր ընթերցողները կրնան «Ասպարէզ»ի լուրերուն հետեւիլ՝ այցելելով «Ասպարէզ»ի առցանց կայքը՝ Asbarez.com:
Վստահ ենք, որ մեր բաժանորդները եւ ընթերցողները հասկացողութեամբ պիտի ընկալեն մեր այս որոշումը, որ, իսկապէս, կը յուսանք կ՛ունենայ երկու շաբթուան տեւողութիւն: Այս ընթացքին պիտի աշխատինք մեր հանրութիւնը տեղեակ պահել տագնապի զարգացումներուն մասին եւ մեր համայնքին փոխանցել պետական համապատասխան մարմիններուն թելադրանքները եւ ցուցմունքները:
Ձեր ծանուցումներուն, մահազդներուն կամ հոգեհանգիստներու կամ այլ յայտարարութիւններուն համար հաճեցէք կապ հաստատել՝
«Ասպարէզ»ի
advertising@asbarez.com
ե-նամակի հասցէին գրելով։
Վերջապէս, բոլորին առողջութիւն կը մաղթենք:
Շուտափուտ անհետացում այս ժահրին եւ Բարի ապագինում բոլոր վարակուողներուն եւ երկար ու կանաչ ճանապարհ Ասպարեզին:
Յարգանքներով՝
Նուարդ Պարսամեան Ադամեան