ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցած էի, որ նախագահ Էրտողանի գրասենեակը նամակ մը յղած է Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու առաջնորդներուն՝ պահանջելով ստորագրել զայն ապա վերադարձնել նախագահին: Այդ նամակին մէջ Էրտողան, ստելով՝ կը պնդէ, որ Թուրքիա առանձին է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին գիծին վրայ:
Հակառակ Էրտողանի պնդումներուն, միջազգային լրատուական միջոցներու տասնեակ զեկուցումներ կը փաստեն, որ Թուրքիա, ըստ էութեան, եղած է Սուրիոյ Իտլիպի շրջանին եւ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներուն զօրակցողներու առաջին գիծին վրայ:
Ահմետ Ս. Եայլա սկիզբէն գիտէր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Իտլիպի ահաբեկիչներուն աջակցութեան մասին, որովհետեւ ան 2010էն մինչեւ 2013 եղած է Թուրքիոյ հակաահաբեկչական գործողութիւններու ղեկավարը, իսկ 2013էն 2014՝ հասարակական կարգի եւ քրէական քննութիւններու ղեկավարը Թուրքիոյ Սանլիուրֆա քաղաքին մէջ: Սանլիուրֆան «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութեան «ճիհատի մայրուղի»ի վերջին կէտն էր: 6 Մարտ 2020ին Եայլա յօդուած մը գրեց The Investigative Journal-ին մէջ՝ մանրամասնօրէն բացայայտելով Էրտողանի մեղսակցութիւնը ահաբեկչութեան: Յօդուածին վերնագիրն է՝ «Դատեցէ՛ք Էրտողանը Միջազգային Քրէական Դատարանն Մէջ՝ «Իսլամական Պետութեան» Սատարելուն Համար»:
Եայլա կը գրէ, որ 2014ին ստիպուած եղած է հեռանալու իր աշխատանքէն եւ թոշակի անցնելու, «որպէսզի չմասնակցի Էրտողանի ոճրագործութիւններուն, որոնք կը հասնին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցանքներու մակարդակին»:
Ըստ Եայլայի՝ ««Իսլամական պետութիւն»ը այսքան ուռճացուած իշխանութիւն մը չէր ունենար կամ այսքան շատ մարդ չէր սպաններ, եթէ Էրտողանի վարչակարգը չորոշէր ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն աջակցիլ անոր՝ կազմութենէն ի վեր (2014): Փաստը այն է, որ երբ «Իսլամական պետութիւն»ը 2014ին հաստատուեցաւ Ռաքքայի մէջ (Սուրիա), Թուրքիոյ հետախուզական գործակալութիւնը կը պահպանէր իր մուտքի դուռը եւ պատրաստ կ՛ողջունէր ճիհատական կամաւորները՝ իրենց նահատակութեան ճամբուն վրայ: Թուրքիա կեդրոնական հանգոյցn էր «Իսլամական պետութեան» առաւելի քան 50 հազար օտարերկրեայ զինեալներուն համար եւ հիմնական աղբիւրը՝ «Իսլամական պետութեան» արհեստագիտական նիւթերուն, ներառեալ՝ «Իսլամական պետութեան» ինքնագործ պայթուցիկ սարքերուն՝ Թուրքիան եւ «Իսլամական պետութիւն»ը գործնականին մէջ դարձնելով դաշնակիցներ»:
Եայլա նաեւ կը մէջբերէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Հոկտեմբեր 2019ի հրապարակումը, որուն մէջ կ՛ըսուէր հետեւեալը. «Թուրքիա կը շարունակէ տարանցիկ կէտ մնալ օտարերկրեայ այն զինեալներուն համար, որոնք կը փափաքին միանալ «Իսլամական պետութեան» Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչ որ կրնայ օժանդակել ահաբեկչական խումբին՝ վերակազմաւորուելու եւ վերականգնելու իր ազդեցութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նաեւ նախզգուշացուցած էր, որ «Թուրքիոյ տարածքով անցնող օտարերկրեայ զինեալները կրնան օգնել «Իսլամական պետութեան» վերածնունդին»: «Իսլամական պետութիւն»ը իր բարձրաստիճան եւ աւագ անդամներէն շատերը յաջողեցաւ տեղափոխել Թուրքիա, ուր անոնք կը վարէին ահաբեկչական կազմակերպութեան ամէնօրեայ գործողութիւնները:
«3 Դեկտեմբեր 2019ին, ահաբեկչական պարագլուխ Համիտ Շաքիր Սապա Ալ-Պատրի՝ հանգուցեալ Ապու Պաքըր Ալ-Պաղտատիի զարմիկը, գերի առնուած էր Իրաքի Քէրքուք քաղաքէն դէպի հարաւ, երբ կը վերադառնար Թուրքիա գտնուող իր ապահով ապաստարանէն: Սուրիոյ «դեմոկրատական» ուժերու կողմէ բանտարկուած թուրք բանտարկեալը լրագրող Լինծի Սնելի կը պատմէ Թուրքիոյ Կազիանթապ քաղաքին մէջ պահուող «Իսլամական պետութեան» հսկայական ապահով տան մասին: Բանտարկեալը կ՛ըսէ, թէ «հոն շատ օտարերկրեայ զինեալներ կային, նոյնքան տարբեր լեզուներով: Անոնք (թուրքերը) գիտէին, թէ մենք ինչո՛ւ հոն էինք»:
Որովհետեւ Թուրքիոյ ղեկավարները կ՛աջակցէին «Իսլամական պետութեան»՝ «Իսլամական պետութեան» նկատմամբ լայն աջակցութիւն կար նաեւ թրքական հասարակութեան շրջանակին մէջ: «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Անգարայի հետազօտական կեդրոնին կողմէ տեղի ունեցող «Թուրքիոյ ընկերային միտումներու ուսումնասիրութեան» համաձայն, հարցուածներուն 9.3 տոկոսը յայտարարած է, որ «Իսլամական պետութիւն»ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, իսկ 5.4 տոկոսը կողմնակից է անոր գործողութիւններուն», կը գրէ Եայլա:
Ըստ PEW հետազօտական կեդրոնի ուսումնասիրութեան՝ Թուրքիոյ բնակչութեան 8 առ հարիւրը բարեացակամ վերաբերում ունէր Եայլա «Իսլամական պետութեան» նկատմամբ: Սակայն, Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնէն վերջերս տարածուած զեկոյցին համաձայն, թուրքերը մեծ թիւով զինեալներ տուած են «Իսլամական պետութեան»: Մինչեւ այդ պահը կային «Իսլամական պետութեան» 9476 թուրք ահաբեկիչներ եւ առաւել քան 900 ատրպէյճանցիներ:
Թուրքիա նաեւ կը հանդիսանայ «Իսլամական պետութեան» համար տարբեր ապրանքներու շարունակական մատակարարման աղբիւր, ներառեալ՝ կօշիկներ, համազգեստներ, բաճկոններ, ուտելիք եւ ամէնէն կարեւորը՝ պայթուցիկ նիւթեր: Մէջբերելով Հակամարտութիւններու սպառազինութեան հետազօտութենէն (ՀՍՀ)՝ Եայլա կը հաղորդէ, որ «Իսլամական պետութիւն»ը «առաջին հերթին Թուրքիոյ մէջ ունեցած է ձեռքբերման նպատակով գործող մեծ ցանց մը, երկրորդ՝ յստակ մատակարարման ուղի Թուրքիայէն, Սուրիոյ տարածքով դէպի Իրաք»: ՀՍՀը նաեւ բացայայտած է, որ «Թուրքիա անցումային ամէնէն կարեւոր կէտն էր պայթուցիկ սարքերու արտադրութեան մէջ օգտագործուող բաղադրիչներու համար», որոնք կը պատրաստուէին «Իսլամական պետութեան» կողմէ: ՀՍՀը փաստած է, որ «Իսլամական պետութեան» զինեալները «զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան մէջ օգտագործուող ապրանքներուն մեծ մասը ձեռք բերած են Թուրքիոյ ներքին շուկայէն»:
Թուրք լրագրող Թոլկա Թանիշ գործէն արձակուած եւ դատի տրուած էր՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ ներկայացուած զրպարտութեան հետաքննութեամբ, երբ Թանիշ բացայայտած էր, թէ ինչպէ՛ս թրքական ընկերութիւնները պայթուցիկ նիւթեր արտածած են «Իսլամական պետութեան» համար:
Եայլա նաեւ կը տեղկացնէ՝ ըսելով. «18 Նոյեմբեր 2019ին, Միացեալ Նահանգներու Գանձապետարանի արտաքին ունեցուածքի վերահսկման գրասենեակը երկու թուրք եղբայրներ Ահմետ եւ Իսմայիլ Պայալթունները մատնանշեց՝ իբրեւ Թուրքիոյ մէջ գործող ««Իսլամական պետութեան» գնումներու գործակալներ», ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ գործող «Իսլամական պետութեան» հետ կապ ունեցող չորս ընկերութիւններ: Պայալթուն եղբայրները յայտնի էին «Իսլամական պետութեան» մատակարարման գործին մէջ իրենց ունեցած դերակատարութեամբ, մասնաւորապէս՝ առաքելուն համար 48 թոն ալիւմինիումի մածուկներ, որոնք օգտագործուած են «Իսլամական պետութեան» պայթուցիկ սարքերուն մէջ: Ամէնէն կարեւորը, Պայալթուն եղբայրները սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Պայալթունի հետ Սանլիուրֆայի մէջ, ուր կը գտնուի անոնց գրասենեակը»:
Թուրքիոյ Ազգային հետախուզութեան դերը ահաբեկչութիւնը սատարելու գործին մէջ բացայայտուեցաւ, երբ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 19 Յունուար 2014ին կանգնեցուց հետախուզութեան կողմէ շահագործուող երեք բեռնատար մեքենանաներ եւ անոնց մէջ յայտնաբերեց զէնքեր՝ պահուած Սուրիա տեղափոխուող բժշկական արկղերու տակ:
Ըստ Եայլայի՝ ահաբեկչութեան սատարելէն բացի, նախագահ Էրտողան ձեռք բերած է նաեւ «Իսլամական պետութեան» քարիւղը՝ «Փաուըրթրանս» անունով թրքական ընկերութեան միջոցով, որուն ղեկավարը անոր փեսան՝ Պերաթ Ալպայրաքն էր: «Ալպայրաք կը վճարէր օրական 3 միլիոն տոլար՝ «Իսլամական պետութեան» քարիւղի ամէնէն շատ արդիւնահանման ժամանակամիջոցին: Փաստօրէն, Էրտողան ընդունած է օրինագիծ մը, որ իրաւունք կու տար քարիւղը նաւերով տեղափոխելու եւ պայմանագիր կնքած է «Փաուըրթրանս»ի հետ առանց հանրային ծանուցման, իբրեւ միակ լիազօրուած ընկերութիւնը: «Իսլամական պետութեան» քարիւղի ձեռքբերումէն բացի, Էրտողան յանձնարարած էր իր որդիին՝ Պիլալ Էրտողանի, որ իր Մալթայի մէջ գտնուող BMZ Group բեռնափոխադրութիւններու ընկերութեան միջոցով վաճառէ «Իսլամական պետութեան» քարիւղը համաշխարհային շուկային մէջ»: Աւելին, թրքական դրամական փոխանցումներու կեդրոնները օրուան ընթացքին հարիւր հազարաւոր տոլարներ փոխանցած են «Իսլամական պետութեան»:
«Վերջապէս, «Իսլամական պետութիւն»ը չէր սպաններ, վիրաւորեր, ստրկացներ եւ բռնբաբարեր հազարաւոր անմեղ մարդիկ, առանց հսկայական աջակցութեան, զոր կը վայելէր Թուրքիոյ կողմէ։ Էրտողան եւ անոր մեղսակիցները պէտք է դատուին Հաւաքայի միջազգային քրէական դատարանին կողմէ՝ մարդկութեան դէմ գործած իրենց յանցանքներուն համար…։ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ անոր մեղսակիցներուն ձեռքերը արիւնոտ են: Գոյութիւն ունեցող լաւ փաստագրուած, անառարկելի եւ անհերքելի ապացոյցներու հիման վրայ պարզ է, որ Էրտողան ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը զօրակցի «Իսլամական պետութեան»», կ՛եզրափակէ Եայլա:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ