ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 20 Մարտին, աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ:
Նախարարը նախագահին տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման այժմու վիճակին եւ միտումներուն, ինչպէս նաեւ վարակը կանխարգիլելու եւ բուժելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ գոյութիւն ունեցող հարցերուն:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց բնակչութեան առողջութեան պահպանման եւ ժահրին տարածումը դիմակայելու վերաբերող քայլերը: Փորձառութեան եւ տեղեկատուութեան փոխանակման առումով, նախագահը շատ էական նկատեց համագործակցութիւնը զանազան երկիրներու եւ համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, ինչ որ կրնայ նպաստել հիւանդութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման:
Նախագահ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ հարցին մէջ ամէն ձեւով աջակցելու եւ օժանդակելու կառավարութեան: