ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Մարտին հանդիպում ունեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Անոնք քննարկեցին հայկական երկու հանրապետութիւններուն փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ նախագահ Սահակեանի հետ քննարկեց ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս Արցախի տնտեսական զարգացման հեռանկարները, ներդրումներու կարելիութիւնները։ Հաստատելով, որ իր այցելութիւնը ոչ մէկ կապ ունի նախագահական ընտրութիւններուն հետ՝ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ իրենք զրուցեցին նաեւ Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւններու քարոզարշաւին եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։
«Շատ էական է, որ այս ընտրութիւններն անցնեն ազատ, անցնեն ինչ-որ իմաստով անկախ՝ արտաքին կամ որեւէ ուրիշ գործօններից։ Շատ էական է, որ այս ընտրութիւնները լինեն նաեւ արդար։ Արցախցիները հերոսական ժողովուրդ են, յաղթած ժողովուրդ։ Արցախը մեծ յաղթանակներ է տարել, եւ արդար, ազատ ընտրութիւնները կը լինեն եւս մէկ յաղթանակ։ Այս անգամ կը լինի քաղաքական յաղթանակ՝ ցոյց տալով բոլորին, նախ եւ առաջ իրենց՝ արցախցիներին, ողջ հայ ժողովրդին, Արցախի եւ Հայաստանի, հայ ժողովրդի բարեկամներին եւ նրանց, ովքեր բարեկամ չեն, այլ՝ հակառակորդ են կամ թշնամի, որ այս պետութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութիւնն, ամուր է, ունի հոյակապ կազմակերպուած կառոյցներ։ Այս պետութիւնը հզօր է ոչ միայն իր փոքր, բայց կարեւոր տնտեսութեամբ, իր բանակով, իր նուիրումով։ Սա նաեւ ժողովրդավարական, ժամանակակից պետութիւն է, որովհետեւ իրականում արցախեան հիմնահարցի լուծման ամբողջ գործընթացին կայ մէկ այլընտրանք՝ ամուր, հզօր Արցախի Հանրապետութիւն։ Այս ընտրութիւնները կարող են շատ էական, շատ կարեւոր ներդրում լինել այդ կարեւոր գործում, որովհետեւ յաղթանակները տանում են ոչ միայն ռազմի դաշտում, այլ նաեւ քաղաքական եւ միջազգային ատեաններում։ Եւ Արցախի Հանրապետութեան ապագայ նախագահը եւ նրա գործընկերներն իրենց ուսերին պէտք է կրեն նաեւ այդ բեռը», շեշտեց Հայաստանի նախագահը։
Ան շեշտեց, որ ազատութիւնը, արդարութիւնը, արդար ընտրութիւնները նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան գրաւականներէն պիտի ըլլան, որովհետեւ այն նոր առաջնորդները, որոնք պիտի գան փոխարինելու, ամուր ոտքերու վրայ կանգնած պիտի ըլլան։ «Շատ էական է, որ այս ընտրութիւններից երկիրը դուրս գայ կազմակերպուած, կարգապահ, աւելի համախմբուած։ Արցախի ժողովուրդը պէտք է այս ճակատամարտում էլ յաղթի։ Յաղթել է ռազմի դաշտում, յաղթել է պետութիւն կառուցելու գործում, վստահ եմ՝ յաղթելու է նաեւ այս քաղաքական ընտրութիւնների ընթացքում», յայտնեց նախագահը։