«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Քայլ պահելով «Քորոնա» ժահրի համաճարկին ստեղծած տագնապին զարգացումներուն հետ եւ հետեւելով այս գծով պատկան իշխանութիւններուն օրըստօրէ խստացող ցուցմունքներուն՝ կ՛ուզենք մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել, որ «Ասպարէզ»ի տպագիրը այսուհետեւ պիտի դադրի լոյս տեսնելէ՝ ցնոր տնօրինութիւն:
Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը պիտի շարունակէ գործել՝ անցնելով տնային աշխատանքի դրութեան եւ բոլոր լուրերը պիտի տեղադրէ Asbarez.com կայքին վրայ:
Յատկապէս տագնապալի այս օրերուն, նախանձախնդիր ենք մեր համայնքը տեղեակ պահելու այս տագնապին վերաբերող բոլոր զարգացումներուն մասին: «Ասպարէզ»ը օրը օրին պիտի հրատարակէ քաղաքային, գաւառային, նահանգային թէ դաշնակցային մակարդակներու վրայ առնուած որոշումները եւ յայտարարութիւնները:
Օրը օրին պիտի անդրադառնանք նաեւ Հայաստանի եւ միջազգային բեմին վրայ համաճարակային այս տագնապի կարեւոր զարգացումներուն: Հետեւաբար, մեր խնդրաքն է՝ ամէնօրայ ընթերցանութեան սովորոյթով այցելել Asbarez.com կայքը, վերջին նորութիւնները ստանալու համար: Առաւել, բոլոր այն ընթերցողները, որոնք կը փափաքին օրուան կարեւոր լուրերու տեղեկատուութինը ստանալ «Ասպարէզ»ի ե-նամակին (News Letter) միջոցով՝ թող հաճին արձանագրել իրենց ե-նամակի հասցէն Asbarez Post տուփիկին մէջ, ապա սեղմել Subscribe –ին վրայ: Հայերէն կայքին վրայ արձանագրուողները իրենց լուրերը պիտի ստանան հայերէնով իսկ անգլերէն կայքին վրայ արձանագրուողները՝ անգլերէնով:
Պատուաստի մը կամ համապատասխան դեղի մը բացակայութեան այս պայմաններուն մէջ, «Քորոնա» ճահրի համաճարակին դէմ մարդկութեան մղած պայքարին ամէնէն ազդու միջոցը առայժմ կը թուի, որ մեր բոլորին քաղաքացիական կարգապահութիւնն է:
Անհատապէս թէ հաւաքաբար՝ քաղաքացիական կարգապահութիւնը վարակը զսպելու կարեւոր միջոց կը դառնայ, երբ ուշի ուշով գործադրենք պատկան մարմիններուն առողջապահական թելադրանքները եւ ցուցմունքները մեր առօրեային մէջ: Մնացէք առողջ: