ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Քորոնա» ժահրին (COVID-19) պատճառած համաճարակը այս օրերուն, ահաւոր հետեւանքներ կ՛ունենայ մարդոց կեանքին մէջ, աշխարհի տարածքին: Ինչպէս այլուր, համաճարակը արագ տարածուելու մտահոգիչ տուեալներ ցոյց կու տայ նաեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, մահացու հետեւանքներ ունենալով յատկապէս տարեց եւ այլապէս առողջական հարցեր ունեցող քաղաքացիներու համար: Այս բոլորէն անմասն չէ նաեւ այս շրջանի մեր հայ համայնքը:
Ստեղծուած դժուար այս կացութեան մէջ, որոշ քաղաքներու պարագային, մեր տեղական մարմիններուն կողմէ նախաձեռնուած մեր համայնքի կարիքաւոր անդամներուն օժանդակելու քայլերուն զարկ տալու, զանոնք համադրելու եւ առաւել եւս կազմակերպելու մտադրութեամբ՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կազմած է աշխատանքային յանձնախումբ մը, որ պիտի կոչուի COVID19 Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի Աշխատանքային Յանձնախումբ:
Այս յանձնախումբին մաս կը կազմեն տասնամեակներով համայնքին նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն, ՀՄԸՄէն, Համազգայինէն, Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինէն ներկայացուուցիչներ:
Տագնապալի այս օրերուն, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն պատրաստ է իր բոլոր կարելիութիւնները եւ միջոցները ի սպաս դնելու մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն առողջութեան եւ բարեկեցութեան օժանդակելու նպատակին:
Անշուշտ, մեծապէս կը քաջալերենք բոլոր անոնց, որոնք կ՝ուզեն մասնակցիլ կամ օժանդակել այս աշխատանքներուն, որպէսզի իբրեւ համայնք՝ հաւաքաբար յաղթահարենք այս տագնապը եւ դուրս գանք անկէ աւելի առողջ եւ զօրաւոր:
Օժանդակութեան Աշխատանքային Յանձնախումբը այսուհետեւ կանոնաւոր ձեւով պիտի զեկուցէ իր տարած աշխատանքներուն մասին եւ ցուցմունքներ տայ այս աշխատանքներուն օգտակար ըլլալու ձեւերուն մասին:
Այս առիթով, մեր համայնքի անդամները կը յորդորենք, որ ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւին քաղաքային, գաւառային թէ նահանգային պատկան իշխանութիւններուն ապահովական ցուցմունքներուն՝ մնալու առողջ եւ ապահով:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Ո՞ւր են հոգեւոր իշխանութիւնները:
Չէ՞ որ ազգին ծառայութեան նուիրուած են: