ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակէն բուժուած 10 քաղաքացիներ կան: Անոնց կրկնակի քննութեան արդիւնքը բացասական եղած է:
Ընդհանուր առմամբ, այս պահուն, 28 բուժուած քաղաքացիներ կան եւ այժմ բուժման մէջ կը գտնուին 300 անձեր:
Ըստ Թորոսեանի՝ 26 Մարտին, մեկուսացուած 40 քաղաքացիներուն 14օրեայ ժամանակը աւարտած է. անոնք քննութեան ենթարկուած են եւ ճշդելէ ետք, որ անոնք ժահրը չեն կրեր, վերադարձած են իրենց բնակարանները։ Միւս հիւանդներուն պարագային՝ կայ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացի մը, այլ քաղաքացիի մըն ալ վիճակը բաւական ծանր է, իսկ մնացածին կեանքին, այս պահուն, որեւէ վտանգ չի սպառնար:
Նախարարը տեղեկացուց, որ կան առանց ախտանշաններու բազմաթիւ վարակուածներ, որոնք պարզապէս մեկուսացուած են հիւանդանոցներու կամ պանդոկներու մէջ:
Կայ նաեւ վարակման դէպք մը 2 ամսուան երեխայի մը եւ անոր մօր մօտ։ Անոնք կը գտնուին հիւանդանոցը՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ:
27 Մարտի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ կան «Քորոնա» ժահրով վարակուած 329 պարագաներ. ցարդ արձանագրուած է 1 մահ։