ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու սահմանագիծի զօրամասերուն մէջ, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ չկան։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
«Մեկուսացուած զինծառայողները մարտական խնդիրներում չներգրաւուած զօրամասի անձնակազմից են: Այս պահին մենք որեւէ արձանագրուած դէպք չունենք առաջնագծի զօրամասերում: Իրավիճակը վերահսկւում է», յայտնեց Ստեփանեան:
Աւելի կանուխ ան յայտնած էր, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 2 զինուորներ կան եւ զանոնք հիւանդանոց փոխադրուած են. անոնց առողջական վիճակը կայուն է։
Ներկայ դրութեամբ՝ «Քորոնա» ժահր ունեցող զինուորներուն ընդհանուր թիւը 5 է։ Վերջին երկուքը կապ ունեցած են առաջին հերթին բացայայտուած զինուորներուն հետ։
«Երեք զինծառայողների մօտ կորոնավիրուսի յայտնաբերմամբ պայմանաւորուած, մարտական խնդիրներում չընդգրկուած նոյն զօրամասի 32 զինծառայողներից, այնուհետեւ եւս հինգից նախօրէին կորոնավիրուսային հիւանդութեան առկայութեան թեստաւորման (քննութեան) համար կատարուել էր նմուշառում: Թեստաւորման արդիւնքում երկու զինծառայողի մօտ ախտորոշուել է կորոնավիրուս, 35 զինծառայողի թեստաւորման արդիւնքը բացասական է: Հաստատուած դէպքերը փոխկապակցուած են տուեալ զօրամասում գրանցուած առաջնակի դէպքի հետ: Զինծառայողները հոսպիտացուած (հիւանդանոցի մէջ բուժում ստացած-Խմբ.) են, նրանց առողջական վիճակը գնահատւում է բաւարար: Երկու զինծառայողներն էլ նախապէս մեկուսացուած էին», «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է Ստեփանեան:
Ան նաեւ կը շեշտէ, որ բացի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն պէտք չէ այս մասին որեւէ այլ աղբիւրէ տեղեկութիւն քաղել։