ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ Ատրպէյճան ներխուժում կը կատարէ սահմանագիծի հայկական կէտերէն ներս արիւնայեղութիւն եւ մահ սփռելով իր ճամբուն վրայ, հայկական կողմը կը դրուի արժեւորում կատարելու դժուարին հարցին առջեւ։ Ինչպէ՞ս բնորրոշել թշնամիի այս ոտնձգութիւնը։ Իսկապէս ի՞նչ կը փորձէ ընել թշնամին։ Ի վերջոյ գոյութիւն ունին համաձայնութիւններ, զինանդադարի նորմեր, միջազգային հովանաւորութեան տակ տրուած խոստումներ, որոնց տառացիօրէն — եւ օրինակելի բծախնդրութեամբ — կը հետեւի հայկական կողմը։ Եւ կը թուի, թէ միայն հակառակորդ կողմն է, որ «թքած ունի» բոլոր այդ պատկառելի թղթաբանութեան վրայ։
Աւելի՛ն։ Ատրպէյճան ամէն առիթով բացէ ի բաց կը խօսի իր ծաւալապաշտ դիտաւորութիւններուն մասին, ամբողջ Հայաստանը գրաւելու մասին։ Եւ երբ կը խօսին այս մարդիկը, դիւանագիտութիւն չեն խաղար։ Կ՚ըսեն այն, ինչ որ կը մտածեն։ Կ՚ըսեն բացճակատ։ Եւ այնքան բացորոշ բառապաշարո՛վ ՝ որ հայ մարդուն նախանձը կը շարժէ…
Հեռո՛ւ մեզմէ ռազմավարութիւն թելադրելու որեւէ փորձ հայկական զինուժին եւ ՀՀ կառավարութեան։ Մենք ունինք բարձրորակ բանակ եւ հրամանատարութիւն։ Եւ անոնք գիտեն ի՞նչ ընել։ Բայց այնուամենայնիւ ինքզինք կը պարտադրէ հարց մը, զոր կ՛ուզեմ բարձրաձայնել։ Եթէ Ատրպէյճան կարող է այս ոտնձգութիւնները միջազգային դիւանագիտութեան ընդունելի դարձնել յաջողապէս շրջանցելով բոլոր համաձայնութիւնները եւ յաջորդ օրն իսկ վերադառնալ «օրուան գործին» (business as usual), ինչո՞ւ հայկական կողմը պիտի չկարենայ շղթայազերծել իր պատժիչ համակարգը բազմապատիկ ուժգնութեամբ աւերածութիւն սփռելով թշնամիին դարպասէն ներս եւ նոյնքան յաջողութեամբ յաջորդ օրն իսկ վերադառնալ իր դիւանագիտական «ժպիտ»ներուն…Այս հարցումը միայն իմս չէ։ Անիկա կը հարցուի ամէն օր ամէն հայու կողմէ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Եւ արդար է, որ հարցուի, քանի որ այլեւս նժարի վրայ է մեր հաւաքական արժանապատուութիւնը։
Եւ յամենայն դէպս, իմ համեստ կարծիքով, այս ոճրային ոտնձգութիւնները պէտք է առնուազն բնորոշել իրենց ռազմական բովանդակութեամբ, այսինքն՝ որպէս նախայարձակո՛ւմ (aggression, ագրեսիա) ՝ որ աւելի յստակօրէն կը բացայայտէ թշնամիին դիտաւորութեան էութիւնը։
30 Մարտ 2020
Ուաշինկթըն