Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հէ՜յ, ժողովուրդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու իր իմաստուն գործակիցները գտած են Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի նորագոյն հնարքը. որոշած են ծովուժի կարողութիւնները լծել… թմրեցուցիչի մագսանենգութեամբ զբաղողներուն դէմ, «թնդանօթները» ուղղել Վենեզուելլայի նախագահին ու նման անբաղձալիներու դէմ, որովհետեւ անոնք գործ-բան ձգած՝ կ’աշխատին թմրեցուցիչ հասցնել Միացեալ Նահանգներ…:
Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլի յետմիջօրէին, նախագահը, շուրջ հաւաքած պաշտպանութեան, արդարութեան նախարարներն ու ծովուժի հրամանատար մը, վարակին մասին ամէնօրեայ դարձած իր մամլոյ ասուլիսին պահուն տուաւ այս աւետիսը՝ յայտարարելով, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգերուն թոյլ պիտի չտրուի նուաճել Միացեալ Նահանգները (ան հաւանաբար մոռցած է, որ հիմա, թմրեցուցիչի վաճառքը ազատ է քիչ մը ամէն տեղ, ճամբաներուն վրայ իսկ մեծ ու փոքր ցուցատախտակներ զետեղուած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ունենալ թմրեցուցիչ: Կամ արդեօք այս վարակին տարածումէն առաջ, մաքսանենգութեան դէմ պայքար չէ՞ր տարուէր…):
Խնդա՞լ թէ լալ: Մարդիկ ամէն վայրկեան պետական պատասխանատուներէն որոշումներ կը սպասեն՝ վարակին դէմ կտրուկ միջոցներ որդեգրելու, հիւանդանոցներուն տագնապը թեթեւցնելու, կարիքաւորներուն հասնելու ձեւեր գտնելու մասին (կարգ մը երկիրներու մէջ, բանակը եւ ոստիկանական ուժերը նման մարդասիրական առաքելութեան լծուած են), մինչդեռ ահա կ’ըսուի, որ զինուժը շատ աւելի… առաջնահերթ գործի պիտի լծուի:
Աւելորդ է հարց տալը, թէ նման քայլով, որո՞ւն հացին ի՞նչ իւղ կ’ուզեն քսել, այսինքն, ստեղծուած կացութիւնը շահագործելու պաշտօնական արտօնութիւն տալ զինական մարզի վարիչներուն: Մէյ մը Օպամային, ուրիշ օր մը Չինաստանին, հիմա ալ թմրեցուցիչի վաճառականներուն դէմ մեղադրանքներ շռայլելը արդեօք միակ միջո՞ցն է ապիկարութիւն եւ թերացում ծածկելու…
Կամ… արդեօք պէ՞տք է մխիթարուիլ, որ Ռուսիոյ նախագահը օդանաւ մը լեցուն դիմակ, ձեռնոց եւ այլ բժշկական-առողջապահական պիտոյքներ նուէր ղրկեր է Միացեալ Նահանգներ, անուղղակիօրէն ապացուցելով, որ ինչպիտի անկարող համբակներու ձեռքին է երկրին ղեկը…: Յետոյ, պէ՞տք է զարմանալ, որ վարակը յաղթարշաւի ելած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ետին ձգած է Չինաստա՛նն ալ, Իտալիա՛ն ալ, Սպանիա՛ն ալ եւ դեռ՝ շատ ու շատ երկիրներ: Այո՜. Միացեալ Նահանգները դարձեալ մեծ է, բայց ի՞նչ գետնի վրայ, յառաջացումը՝ ի՞նչ ուղղութեամբ: Իսկ այս բոլորէն ետք, կ՛արժէ՞ մխիթարուիլ, որ անատակութեան մէջ, այս հզօ՜ր երկրին վարիչները առանց մրցակիցի չեն, կամ կան ստեղծուած ահաւոր բացը հակակռշելու ճիգ ընող քաղաքապետներ, նահանգապետներ, գիտակ մարդիք:
Լրատու աղբիւրները բոլորովին անմեղ չեն: Անոնք յանդգնութիւնը չունին իրենց նկարիչներուն ոսպնեակներն ու թղթակիցները հեռացնելու այն սրահէն կամ ամպիոնէն, ուր նախագահը եւ իրեն նման «գիտուններ» կը սկսին խօսիլ իրենց «սքանչելի՜ ու անզուգական գործերուն» մասին:
(Պիտի հրճուի՞ք, եթէ մէկը ձեզի ըսէ, որ եղածը ապրիլմէկեան կատակ մըն էր):
1 Ապրիլ 2020
Մնայուն կերպով Նախագահ Թրամփի վրա թունաթափումը վերջ պիտի ունենա՞յ արդեօք: Ի վերջոյ, այդ մարդը գնահատելի որեւէ բան ըրած չէ՞ մինչեւ այսօր: