ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մորթի խնամատարութեան յատուկ ասպարէզը ներկայ զարգացած ու քաղաքակրթուած դարու գեղագիտութեան աշխարհի յառաջադէմ նկատուող գործերէն է, իսկ մորթին տրուած կարեւորութիւնը գրեթէ հաւասարած է երկու սեռերուն միջեւ: Քիչ չէ՛ թիւը այն տղամարդոց, որոնք գեղագիտական վիրաբուժութեան կ՛ենթարկուին ո՛չ միայն իրենց ցցուած քթոսկրի յղկման համար, այլեւ դէմքի խորշոմած մորթը բանալու եւ աւելի երիտասարդ երեւնալու երազով:
Իւրաքանչիւր անձ իր մորթին առաջին խնամատարը կրնանք համարել, որովհետեւ մինչեւ մորթի մասնագէտին քով հասնիլը, ամէն մարդ նախ ի՛նք կը փորձէ լուծում մը բերել իր մորթին վրայ յայտնուած արտասովոր երեւոյթին, որ նախ կրնայ շատ փոքր փշտիկ իբրեւ յայտնուիլ:
Վերոյիշեալ փորձութենէն կ՛անցնին յատկապէս պատանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնք կը սոսկան երբ իրենց դէմքին վրայ յանկարծ յայտնուի փշտիկ մը, որ հետզհետէ ուռելով ու կարմրելով ուշադրութեան կեդրոն կը դառնայ իրենց հետ զրուցող անձին համար: Վերջապէս, անոնք առաջին փորձերը կը կատարեն զիրենք տագնապեցնող այս երեւոյթէն ձերբազատելու, սակայն երբ չեն յաջողիր, ու մանաւանդ սեփական նախաձեռնութեամբ աւելի կը վատթարացնեն փշտիկին դրութիւնը՝ զայն վերածելով տարածուն եւ արմատաւորուած վէրքի մը, կամ վէրքերու խմբակի, կը դիմեն մասնագէտ բժիշկի: Դէմքի մորթին նկատմամբ իւրաքանչիւր անհատի ցուցաբերած այս հոգածութիւնը շատ բնական եւ հասկնալի է, որովհետեւ նոյնիսկ պատահական անձի մը հետ ունեցած գուցէ մէկ վայրկեանի խօսակցութեան ընթացքին, իր դէմքի արտայայտութեամբ պիտի ներկայանայ, արտասանած խօսքերուն հետ միասին:
Ծնողներ միշտ զգուշաւորութեամբ կը հետեւին իրենց զաւակներուն, յատկապէս անոնց զբօսանքի պահերուն, խաղավայրերու մէջ, կամ իրենց յատկացուած անկիւնին մէջ սեփական տան, որպէսզի ընկերական խաղերու ընթացքին զիրար չվիրաւորեն: Մանկավարժական գիտութեան զարգացման հետ համաքայլ ընթացք պահեցին նաեւ խաղալիքի արտադրութեան ընկերութիւնները, պետական հսկողութեամբ, որպէսզի տարիքային սահմանափակում տրուի իւրաքանչիւր խաղատեսակին: Ամէնէն փափուկ նիւթերով խաղալիքները շատ կանուխ տարիքի յատուկ դարձան, մինչ նախապէս աւելի կարծր նիւթերով խաղալիքներ կը տրուէին նորածիններուն ձեռքը: Անցեալին շատ կարելի էր հանդիպիլ չափահասներու, որոնք իրենց դէմքին վրայ հետք մը կ՛ունենային իրենց վաղ տարիքէն իբրեւ «յիշատակ» ժառանգուած: Կամ՝ յոռեգոյն պարագային անոնք կորսնցուցած կ՛ըլլային իրենց աչքերէն մէկը, որովհետեւ իրենցմէ աւելի մեծ եղբայրը կամ քոյրը սրածայր խաղալիքով մը անգիտակցաբար հարուածած եղած կ՛ըլլար իրենց, եւ կուրցուցած:
Երեխաներու խնամատարութեան ընթացքին ծնողներ ու դաստիարակներ յատկապէս զանոնք կը զգուշացնեն կրակէն, որպէսզի փրկեն անոնց դիւրահալ մորթը կրակի ճարակ դառնալէ: Պատահած են դժբախտ դէպքեր, երբ մանուկներու մորթը այրած է եւ անոնց դէմքը անճանաչելի դարձած, նոյնիսկ բազմաթիւ գեղագիտական վիրաբուժական գործողութիւններէ ետք:
Այս հոգատարութեան պատճառը մարդ էակի մորթին գերզգայուն ըլլալն է: Բացի ծանր կամ սեւ աշխատանք կատարող բանուորներուն կոշտացած ափերէն, մարդկային մորթը գերզգայուն է եւ զայն բնաւ կարելի չէ՛ համեմատել անասուններու մորթին հետ: Անոնց պարագային ինքնապաշտպանութեան համար էական է մորթը: Օրինակ, կարելի՞ է անզգայ մորթով փիղի մորթին հետ համեմատել մարդուն մորթը: Ճիշդ այս պատճառով, անասուններուն մորթը կաշի կ՛անուանենք, անոնց աւելի կոշտ կամ դիմացկուն ըլլալը շեշտելու համար:
Մորթին հանդէպ մարդու գերզգայնութիւնը նաեւ բարոյագիտական իր նշանակութիւնը ունի: Առածի կարգ անցած է «մորթի վրայ զգալ» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ ցաւիլ այնպէս, ինչպէս որ ուրիշը կը ցաւի: Ասիկա ունի իր տեսական եւ գործնական իմաստները:
Ուրիշին ցաւը մորթի վրայ զգալուն տեսական իմաստը՝ տուեալ անձին գիտակցական վիճակը ցոյց կու տայ: Այսինքն, ենթական այնքան բարձր անհատականութեան տէր է, որ առանց նոյն վէրքը իր ֆիզիքական մարմնին վրայ ստանալու, կրնայ զգալ զայն ստացողին ցաւը: Ասոր բացառիկ օրինակը մայրն է, որ իր զաւակին ստացած վէրքին խոցը մինչեւ իր հոգիին խորը կը զգայ նոյնութեամբ: Գալով գիտակից մարդու զգացած ցաւին, որ խորքին մէջ ուրիշին ցաւն է, անիկա գիտէ տուեալ պահու դիմաց յարմարագոյն կարեկցութիւնը ցոյց տալ տառապողին: Ասիկա զինք կը տարբերէ «ինծի ինչ» ըսող անտարբերներու հսկայական բանակէն, որ փաստօրէն «իր մորթին վրայ չզգար» ուրիշին ցաւն ու տառապանքը:
Ուրիշին ցաւը մորթի վրայ զգալու գործնական իմաստը այն է, որ ցաւը, տառապանքը, մտահոգութիւնը, վիշտը, նեղութիւնը եւ տագնապը երբ համայնական կը դառնան, ինչպէս վարակիչ հիւանդութիւն կամ այլ համաշխարհային բնոյթի երեւոյթ, ամէն մարդ կը սկսի իր «մորթին վրայ զգալ» միւսին զգացածը:
Օրինակները բազմաթիւ են, սակայն անօթութիւնը ամէնէն գործնականն է այս պարագային, բացատրելու համար ցաւակից ըլլալուն հականիշը՝ անտարբերութիւնը: Մեր ժողովուրդին կողմէ գործածական առածներէն է դարձեալ՝ «Կուշտը անօթիին փորէն չի՛ հասկնար» խօսքը: Փաստօրէն մինչեւ այսօր աշխարհի հզօր պետութիւնները չեն ուզած վերջ տալ սովի հետեւանքով արձանագրուող բիւրաւոր մահերուն, որոնք Երրորդ աշխարհի երկիրներու մէջ տարբերութիւն չեն դներ մեծին ու փոքրին կամ տարեցին ու մանուկին միջեւ: Անոնք բոլորն ալ ենթակայ են մահուան սուր մանգաղի անակնկալ հարուածին: Ուրեմն, տեղական մակարդակի վրայ եթէ ցաւը համատարած բնոյթ ունի, այդ չի՛ նշանակեր դեռ, որ համայն մարդկութիւնը իր «մորթին վրայ» պիտի զգայ այդ ցաւը: Այլ երկիրներու բնակիչներ պիտի ըսեն՝ այնքան ատեն որ սովն ու սրածութիւնը մեր երկրի սահմաններէն դուրս է, ուրեմն մեզի չի՛ վերաբերիր: Սակայն երբ խնդիրը համաշխարհային կամ համամարդկային բնոյթ կը ստանայ, բոլորը հաւասարապէս կը սկսին մտահոգուիլ եւ միջոցներու դիմել, անմիջապէս առաջքը առնելու համար վտանգաւոր երեւոյթին:
Համաճարակներ շատ եղած են պատմութեան ընթացքին, որոնք կարելի եղած է տեղական սահմանափակման ենթարկել, մանաւանդ այն օրերուն երբ չկային ներկայ արդիական փոխադրամիջոցները եւ մարդիկ շատ դժուարութեամբ կը տեղափոխուէին քաղաքէ քաղաք ու երկրէ երկիր: Այդ օրերուն մարդիկ չէին ալ իմանար, թէ ուրիշ երկրի մէջ ի՞նչ պատահած է, մինչեւ ամիսներ եւ գուցէ տարիներ ետք մէկը գար այդ երկրէն եւ տեղեկութիւն տար: Հաղորդակցութեան միջոցներուն անմիջականութիւնը եւ փոխադրամիջոցներուն արագութիւնը իրենք ալ իրենց բաժինը ունին, որեւէ դէպքի մը համաշխարհային տարածում տալու գործին մէջ:
Հարցին դրական կողմը տեսնելու սովորութիւնը, աստուածատուր շնորհք համարուած է աստուածավախ մարդոց կողմէ: Համաշխարհային տարողութեամբ համաճարակները մարդկութիւնը եղբայրացնելու ուժը ունին, եթէ անշուշտ մարդկութեան մէջ մարդ ըլլալու գիտակցութիւնը չէ՛ նուազած: Միաժամանակ, համաճարակները մեր սրտին մորթը գերզգայուն դարձնելու զօրութիւնը ունին, մղելով մեզի որ ինչ որ ուրիշին կը պատահի՝ «մեր մորթին վրայ» զգանք: