ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիայէն «Զուարթնոց» օդակայան հասած Հայաստանի Հանրապետութեան 178 քաղաքացիներ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փոխադրակառքերով տեղափոխուեցան մեկուսացման վայրեր: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
23 Մարտէն 7 Ապրիլ, նախարարութիւնը 5 փոխադրութեան միջոցներով (3 փոխադրակառք, 1 փոքր մարդատար եւ 1 բեռնատար` նախատեսուած պայուսակներուն համար) իրականացուց 5 երթեր, օդակայանէն մեկուսացման վայրերը կամ մեկուսացման վայրերէն իրենց բնակութեան վայրերը տեղափոխելով 595 ուղեւորներ:
Կը պահպանուին անվտանգութեան բոլոր կանոնները: Ծառայութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ: