ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը 2020ի պետական ամավարկին մէջ վերաբաշխում կատարեց եւ առանց մրցոյթի` դրամաշնորհ տրամադրելու համար գումար յատկացուց Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութեան։
Որոշումով թոյլ տրուեցաւ Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութեան` նախատեսուած գումարէն Թոքերու արհեստական շնչառական սարքերու ստեղծման համար՝ գաղափարի, նախագծման եւ նմուշի նախատիպի մշակման աշխատանքներու իրականացման նպատակով 2020ի առաջին կիսամեակին, «Ճարտարարուեստի միութիւն կազմակերպութեան առանց մրցոյթի որպէս դրամաշնորհ տրամադրելու 90 միլիոն դրամ:
Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան նշեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ, նախարարութիւնը յայտարարած էր թոքերու արհեստական շնչառական սարքերու ստեղծման գաղափարներու մասնագիտական ուսումնասիրութեան, նախագծման աշխատանքներու գործընթաց, եւ ստացած է 300 յայտեր ու առաջարկներ:
Ըստ անոր՝ այս որոշումով կարելիութիւն պիտի ստեղծուի թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքերու ներքին պահանջարկը բաւարարելու, աջակցիլ առողջապահական համակարգին։ Ան աւելցուց, որ 4-6 ամիսներու ընթացքին կարելի է հասնիլ արտադրական վիճակի եւ ունենալ աշխատող սարքեր: Այդ պարագային սարքերը շուկայական գինէն կրկնակի աժան պիտի ըլլան: Հնարաւորութիւնը պիտի ունենան արտադրելու ամսական 40-50 սարքեր:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին նշեց, որ թէեւ կայ տեսակէտ, որ եղանակը երբ սկսի տաքնալու «Քորոնա» ժահրի համաճառակը անկում կրնայ ունենալ, բայց կրնայ ըլլալ, որ աշնան, ապա նաեւ ձմրան ունենանք վարակի թիւի աճ: Այնպէս որ վարչապետը կարեւոր համարեց նախագիծը:
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նկատել տուաւ, որ եթէ նոյնիսկ համաճարակը անցնի, այդ սարքերը մեզի պէտք պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք ընթացքին շարքէ դուրս կու գան:
Even if they are not needed immediately, Armenia should have the essential life saving equipments like Ventilators and Hemodialysis machines in state stockpiles.