ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԱՆՑԱՒ 3 ՄԻԼԻՈՆԻ ՍԱՀՄԱՆԸ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 26 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 18 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուեցան վարակման 440 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 19,528 վարակումներ եւ 913 մահեր, որոնց 93 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ եւ անցած են 117,000ի սահմանը։
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 3 միլիոնի սահմանը եւ ցարդ մահացած են անոնցմէ առաւել քան 209,000 անձեր եւ բուժուած՝ աւելի քան 895,000 ուրիշներ։
Միացեալ Նահագներու մէջ, վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ մէկ միլիոնի, իսկ համաճարակին զոհերուն թիւը անցաւ 56,000ի սահմանը։