ԵՐԵՒԱՆ, «Արմետիա»․- Ալիեւի կարգադրութեամբ՝ ատրպէյճանցի պատմաբանները կը փորձեն ստեղծել երկրին նոր պատմութիւնը՝ ջանալով ջնջել հայերու դերը երկրին ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ: Մշակութային ժառանգութեան «պատմութեան» գիրքերէն հայկական յուշարձաններու մասին տեղեկութիւնները պարբերաբար կ՛անհետանան, իսկ տեղացի «գիտնականներ»ու յօդուածները լեցուն են պատմական աղաւաղումներով: Հակառակ այս բոլորին, կարելի չէ ուրանալ հայերու յառաջատար դերը երկրին ընկերային, մշակութային եւ գործարար ոլորտներուն մէջ:
Օրինակ՝ երկրին առաջին տպարանը Պաքուի մէջ բացուած է հայերու մը կողմէ, որ ոչ միայն հայերէն, այլ նաեւ ռուսերէն եւ եւրոպական այլ լեզուներով գիրքեր հրատարակած է։ Նաեւ, հայազգի Մայիլով եղբայրները կառուցած են Պաքուի առաջին օփերայի շէնքը, որ ցարդ կանքուն է։ Ատրպէյճանը ներկայացնող առաջին աշխարհի ախոյեանը եղած է հայազգի ըմբիշ Արտեմ Տէրեան:
Յատկանշական է նաեւ, որ նոյնիսկ Խորհրդային Ատրպէյճանի խորհրդանշանին հեղինակը հայ եղած է՝ նկարիչ Ռուբէն Շխեան: Անոր յայտնի ստեղծագործութիւններէն մէկն է նաեւ Վլատիմիր Լենինի 3 մեթրնոց դիմանկարը։