ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- 30 Ապրիլին հաղորդուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած տնտեսական տագնապին հետեւանքով, յաջորդական վոցերորդ շաբաթը ըլլալով, Միացեալ Նահանգներու անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար միլիոնաւոր ամերիկացիներ նոր դիմումներ կատարած են։
Արդարեւ, անցեալ շաբաթ դիմում կատարած են 3․8 միլիոն ամերիկացիներ, ինչ որ նախորդ երեք շաբաթներուն թիւերէն նուազ է։ Այս տուեալը կը նշանակէ, որ Մարտի կէսերէն ի վեր, առաւել քան 30 միլիոն ամերիկացիներ անգործ դարձած են։
Միւս կողմէ, Հինգշաբթի օրուան տուեալներուն համաձայն, աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին խլած զոհերուն թիւը անցաւ 230,000ի սահմանը, իսկ վարակուածներուն թիւը՝ 3․25 միլիոնի սահմանը։ Բուժուած են մօտաւորապէս մէկ միլիոն վարակուածներ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ կան առաւել քան մէկ միլիոն վարակուածներ, մինչ մահերուն թիւը անցաւ 62,000ի սահմանը։ Նիւ Եորքի մէջ կան մօտաւորապէս 310,000 վարակուածներ եւ մահացած են 23,780 անձեր։