ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Փի․»․- Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երկիրի նախագահական ընտրապայքարին մէջ իր աջակցութիւնը յայտնեց նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընին:
Քլինթըն նշեց, որ ոչ միայն խօսքով կը զօրակցի Պայտընի թեկնածութեան, այլ պատրաստ է նաեւ օգնելու անոր՝ իր նախագահական ընտրապայքարի փորձառութիւնը փոխանցելով։
«Ճօ Պայըն իր ամբողջ կեանքին ընթացքին այս պահուն համար պատրաստուած է: Վերջին 25 տարիներուն ես անոր հետ աշխատելու առիթը ունեցած եմ», բացատրեց Քլինթըն:
Յիշեցնենք, որ նախքան այդ, Պայտընին աջակցութիւն յայտնած էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա եւ Պայտընի գլխաւոր մրցակից ծերակուտական Պրընի Սենտըրզ։