ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տանիէլ Օրթեկա Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը` ճանչնալով եւ դատապարտելով զայն: Ըստ Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան՝ Օրթեկա իր յայտարարութեան մէջ նախ կը խօսի պատմական իրադարձութիւններու մասին՝ ըսելով․«1․5 միլիոն հայեր սպաննուեցան կամ Անատոլուի շրջաններէն քշուեցան Սուրիոյ անապատները, ուր կոտորուեցան Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ պատմութեան ամէնէն արիւնոտ էջերը կազմող արարքներուն ընթացքին, ինչ որ մինչեւ այսօր վերջինս կը ժխտէ պատմական այս իրողութիւնը»:
«Կը միանամ առաւել քան երեսուն պետութիւններուն, Ֆրանսիս պապին եւ բազմաթիւ գիտնականներու, մտաւորականներու, անհատներու` դատապարտելով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն դէմ ցեղասպանութեան ոճիրը եւ մերժելով այս յանցագործութեան ու պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրման ուղղուած ժխտողականութեան որեւէ փորձ», կը շեշտէ Տանիէլ Օրթեկա:
Նշենք, որ Կեդրոնական ամերիկեան խորհրդարանը հիմնուած է 1991ին. անոր կեդրոնատեղին կը գտնուի Կուաթեմալայի մէջ: Օրէնսդիր մարմինը բաղկացած է անդամ պետութիւններու` Կուաթեմալայի, Սալվատորի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի, Փանամայի եւ Տոմինիքեան հանրապետութեան 120 պատուիրակներէն: Խորհրդարանին մէջ դէտի կարգավիճակ ունին Մեքսիքա, Փորթօ Ռիքo, Մարոք, Թայուան եւ Վենեզուելա: