ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Հայ կրթական հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը վայելող ուսանողները «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետեւանքով Հայաստանի մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան առաջին օրերէն գործնականապէս մասնակցեցան ժահրին տարածումը զսպելու պայքարին, կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրելով հիւանդանոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժահրին տարածումը զսպելու նպատակով յատուկ դիմակներ պատրաստելով եւ զանոնք ձրիաբար բաժնելով տարեցներուն, որոնք այս հիւանդութենէն ամէնէն խոցելի տարրերն են ընկերութեան մէջ:
Այս ամիս, Հայ կրթական հիմնարկութեան ուսանողները որոշած են ուտեստեղէն հասցնել կարիքաւորներուն եւ այդ նպատակով դրամական ու ուտեստեղէնի նուիրատութիւններ հաւաքած են; Այս ջանքին համար 18,000 տոլար նուիրած է նաեւ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը։
Այս արշաւին շնորհիւ կարելի եղած է առաւել քան 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու՝ Երեւան եւ Գիւմրի քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Բերդիկ, Ազատաւան, Լերնագոգ, Նալբանդեան, Նոր Խարբերդ, Սասունիկ եւ Օշական գիւղերուն մէջ։ Տրամադրուած տուփերը 3-4 հոգինոց ընտանիքի մը 10-14 օրուան բաւարար ճաշ կը պարունակեն։
Հայ կրթական հիմնարկութեան գործունէութեան մօտէն ծանօթանալու համար այցելել aefweb.org կայքըկամ դիմել aef@aefweb.org հասցէին։