ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Երկուշաբթի, 4 Մայիսին, սուրիական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ գիշերուան ժամը 10։32ին, Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Հալէպի արեւելեան բաժինը գտնուող զինուորական գիտահետազօտական կեդրոնին ուղղութեամբ։ Աղբիւրը յայտնեց, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։
Նշենք, որ յարձակումը իր տեսակին մէջ հինգերորդն էր վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին։