ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 4 Մայիսին յայտարարեց, որ առաւել քան 6 շաբաթ առաջ ի զօրու դարձած մեկուսացման յաջորդ հանգրուանը սկսելու պայմաններուն մասին Հինգշաբթի օր պիտի հրապարակէ մանրամասնութիւններ, որոնց շնորհիւ կարգ մը գործարարներ մինչեւ իսկ Ուրբաթ օր պիտի կարենան մասնակիօրէն աշխատանքի վերադառնալ, եթէ առողջապահական պայմանները ամբողջացնեն։
Նահանգապետը շեշտեց, որ նուազ վտանգ ներկայացնող խանութները, ինչպէս՝ հագուստեղէն, գիրքեր, մարզական պիտոյքներ կամ ծաղիկներ վաճառողները պիտի կարենան իրենց խանութներուն մուտքին առեւտուր կատարել, նոյն ժամանակ նշելով, որ վարակումներու աճի պարագային, մեկուսացման խիստ պայմանները կրնան վերահաստատուիլ։
Ան նաեւ յայտնեց, որ տեղական մարմինները կրնան աւելի արագ կամ դանդաղ ընթանալու ծրագիրներ ներկայացնել քննարկումի համար՝ ընդունելով, որ նահանգին մէջ խիտ բնակչութիւն չունեցող շրջաններուն պարագային, մեկուսացման պայմանները աւելի արագ մեղմացնելու կարելիութիւնները կրնան քննուիլ, նոյն ատեն ընդունելով, որ աւելի խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ մեղմացումը կրնայ աւելի դանդաղ ընթանալ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 4 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 28 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 568 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 26,217 վարակումներ եւ 1256 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ, հասնելով 173,000ի։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կատարուած են 7․5 միլիոն քննութիւններ։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 56,306 վարակումներ եւ 2294 մահեր։
Վերջապէս, Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանը յայտարարեց, որ 2020-2021 տարեշրջանին բացումը տեղի պիտի ունենայ նախապէս որոշուած թուականին՝ 18 Օգոստոսին, եթէ համաճարակը զսպելու ջանքերը ներկայ ընթացքով շարունակուին։