ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ»․- Իրանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Թեհրան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ առանց նախապայմաններու բանտարկեալներու փոխանակման եւ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ կատարելու, «սակայն Միացեալ Նահանգները կը մերժէ պատասխանել այս նպատակով եղած դիմումներուն»:
. «Տեղեկութիւններ ունինք, թէ Իրանի քաղաքացիներ ամերիկեան բանտերու մէջ վատ վիճակի մէջ են», ըսաւ Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի:
Նշենք, որ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանտարկեալներու փոխանակում մը տեղի ունեցած էր։