
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 80,000ԷՆ ԱՒԵԼԻ Է
ՓԱՐԻԶ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Պի․Պի․Սի․»․- «Քորանա» ժահրի համաճարակը կը շարունակէ աշխարհի մէջ տարածուիլ, վարակուած անձերուն թիւը հասցնելով 4․2 միլիոնի, իսկ զոհերուն թիւը՝ 285,000ի: Բուժուած են աւելի քան 1․5 միլիոն վարակուածներ։
Վարակուածներու մեծագոյն թիւը ունեցող Եւրոպայի մէջ, շաբաթներ տեւած հակահամաճարակային խիստ սահմանափակումները սկսան մասնակիօրէն մեղմանալ:
Այսօր, ֆրանսացիներուն արտօնուեցաւ անարգել փողոց ելլել եւ մեծ թիւով աշխատատեղիներ, խանութներ եւ ճաշարաններ վերաբացուեցան, սակայն մայրաքաղաք Փարիզի մէջ որոշ սահմանափակումներ ի զօրու են։ Իտալիոյ օրինակին հետեւելով՝ Սպանիա եւս մեկուսացման պայմանները մեղմացուց, հակարակ այն մտահոգութեան, որ սահմանափակումներու մեղմացումը, յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ կրնայ վարակումներու նոր բռնկում յառաջացել, ինչպէս օրինակ պատահեցաւ Գերմանիոյ մէջ, ուր սահմանափակումներու մեղմացումէն քանի մը օր անց վարակակիրներու թիւը սկսաւ դառձեալ աճ արձանագրել:
Կացութիւնը մտահոգիչ է նաեւ Ռուսիոյ մէջ, ուր նմանապէս այսօր մեկուսացման պայմանները սկսան մեղմանալ, հակառակ անոր, որ հոն վարակուածներուն թիւը շրջանցեց Իտալիոյ թիւը։ Ներկայիս Ռուսիա կը գրաւէ չորրորդ դիրքը ամէնէն շատ վարակուածներ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ, ետ մնալով միայն Միացեալ Նահանգներէն, Սպանիայէն եւ Բրիտանիայէն։ Սակայն, Ռուսիոյ մէջ արձանագրուած են միայն 2009 մահեր, տուեալ մը, որուն շատեր կասկածով կը մօտենան ։
Այս շաբաթ բնականոն կեանքի վերադառնալու քայլեր կ՛առնուին առաւել քան տասնեակ մը եւրոպական քաղաքներու մէջ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, վարակուածներուն թիւը հասաւ 1․37 միլիոնի, իսկ մահացածներուն թիւը անցաւ 80,000ի սահմանը։
Մինչ այդ, Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ, ուրկէ սկսած էր «Քորոնա» ժահրի տարածումը, 3 Ապրիլէն ի վեր «Քորոնա» ժահրով վարակման վեց նոր դէպքեր արձանագրուեցան վերջին երկու օրերուն։
Վերջապէս, ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ ցաւ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը կը շարունակէ «օտարներուն նկատմամբ ատելութեան եւ այլամերժութեան զգացումներու, զանոնք քաւութեան նոխազ դարձնելու եւ խուճապի ջրհեղեղ մը պատճառել»: