ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՎԱՐԿԱԲԵԿՈՂ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
ՊՈԼԻՍ․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը տեղեկացնէ, թէ 8 Մայիսին, անծանօթ մը փորձած է հրկիզել Պոլսոյ Պաքըրգիւղ շրջանի Ծնունդ Ս. Աստուածածինի եկեղեցւոյ արտաքին դուռը, ապա փախած է։ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը անմիջապէս դիմեց ապահովութեան տնօրէնութեան։
Մինչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը տեղեակ կը պահէր պատրիարքական աթոռը, Պոլսոյ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի օգնականը, կապ պահելով պատրիարքարանին հետ՝ ցաւ յայտնեց միջադէպին համար։
Կասկածելի անձը աւելի ուշ ձերբակալուեցաւ։
10 Մայիսին, թրքական «Սէօզճիւ» կայքը հաղորդեց, որ հարցաքննութեան ընթացքին, կասկածելին պնդեց, թէ այս արարքին դիմած է, որովհետեւ կը հաւատայ, որ հայերը «Քորոնա» ժահրը բերած են Թուրքիա․․․
Նոյն օրը, Հայոց պատրիարքարանը նաեւ դատապարտեց թրքական ամսագիրի մը կողմէ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ Շնորհք պատրիարքը վարկաբեկելու փորձը՝ շեշտելով, որ սուտերով լեցուն յօդուածը խիստ մտահոգիչ է հայ համայնքին համար, որովհետեւ անիկա շատ սարսափելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ՝ յիշեցնելով Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ վրայ յարձակումին օրինակը։