ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 9 Մայիսին, եռատօնին առիթով, Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի, հոգեւորականներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նշում:
Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուածներու յիշատակին: Յաղթանակի զբօսայգին կը գտնուէին նաեւ օրուան հերոսները` վեթերանները, որոնք մեծարուեցան, երախտագիտութեան եւ շնորհակալական խօսքեր լսեցին իրենց կատարած սխրանքներուն համար:
Աւելի ուշ, եռատօնին առիթով տեղի ունեցաւ օդային շքերթ:
«ՍՈւ-30» գերժամանակակից ինքնաթիռներու թռիչքը սկսաւ Գիւմրիէն եւ հասաւ Երեւան` «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրին մօտ` ցուցադրելու օդային հնարքներ: