ԵՐԵՒԱՆ, «Արցախփրէս».- Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 28րդ տարեդարձին առիթով, 9 Մայիսին, նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի եւ Արցախի խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիրը։
Անոնք ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն, իսկ Շուշի քաղաքին մէջ, ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղուեցան զրահապատ-յուշարձանի պատուանդանին ու սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին: