ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Պոլսոյ Պաքըրգիւղ շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած դրան հրկիզման փորձի հարցը արձագանգ գտաւ խորհրդարանին մէջ։ Արդարեւ, Տիգրանակերտէն երեսփոխան Կարօ Փայլան այս հարցը յանձնեց ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի ուշադրութեան։ Կարօ Փայլան խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96րդ եւ 99րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ գրաւոր պատասխան պահանջեց նախարարէն։ Հարցադրման մէջ երեսփոխանը մատնանշեց տուեալ մը՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը արձագանգ գտած է նաեւ մամուլին մէջ։ Արդարեւ, մեղադրեալը ձերբակալուելէ ետք կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին ըսած է հետեւեալը. «Հրկիզեցի, որովհետեւ ասոնք մեր գլուխին փորձանք դարձուցած են «Քորոնա» ժահրը»։
Այս արտայայտութիւնը մէջբերելու առընթեր, Կարօ Փայլան յիշեցուց, որ Պաքըրգիւղի եւ այլ գաւառակներու մէջ մօտաւոր անցեալին քանիցս քինախնդրական յարձակումներ գործուած են եկեղեցիներու վրայ։ Սրբավայրերու դռներուն վրայ կատարուած են գրառումներ՝ խտրականութեան եւ քինախնդրութեան խօսոյթով։ Նոյնիսկ տեղի ունեցած են Զինեալ յարձակման նախաձեռնութիւններ ։
Այս բոլորին լոյսին տակ, Կարօ Փայլան նախարար Սիւլէյման Սոյլուին հասցէագրեց հիմնական երեք հարցումներ։ Առաջին՝ հանրապետութեան նախագահին կողմէ օգտագործուած «սուրի մնացորդ»ի նման քինախնդրական արտայայտութիւնները կրնա՞ն դեր ունենալ փոքրամասնութիւններու սրբավայրերուն վրայ գործուած յարձակումներուն մէջ։ Երկրորդ՝ անվտանգութեան ի՞նչ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՛առնուին փոքրամասնութիւններու սրբավայրերուն համար, որոնք յաճախակիօրէն յարձակման կ՛ենթարկուին։ Երրորդ հարցումը պատգամաւոր Փայլանի կողմէ բանաձեւուած է անհատական դիտարկումներու կամ համոզումներու հիման վրայ՝ ըստ հետեւեալին. «Համոզուած եմ, որ այս քինախնդրական յարձակումները կ՛ուղղորդուին պետութեան մէջ տեսանելի կամ անտեսանելի լծակներու կողմէ, ինչպէս կ՛ըլլար անցեալին։ Կրնա՞ք հակառակը ըսել հանգստօրէն»։