ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»․- Ատրպէյճանի Կեդրոնական դրամատունը 12 Մայիսին հաղորդեց, որ երկու դրամատուներ եւս փակուեցան երկրին մէջ, որովհետեւ բնականոն գործունէութեան համար բաւարար դրամագլուխ չունէին։
Աւելի կանուխ, իշխանութիւնները կասեցուցած էին երկու այլ դրամատուներու գործունէութիւնը, իսկ 4 այլ դրամատուներ դրած էին Կեդրոնական դրամատան հակակշռին տակ։
Այս բոլորը հետեւանք են գլխաւորաբար միջազգային շուկային մէջյքարիւղի գիներու աննախադէպ անկումին, որ ըստ փորձագէտներու, լուրջ վնաս կը հասցնէ Ատրպէյճանի տնտեսութեան: