ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- «Հին Երեւան» նախագիծով պիտի հիմնուի նաեւ 19րդ դարու հայ ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, զօրավար Դրաստամատ Կանայեանի (Դրօ) թանգարան: Այդ նպատակով կը վերակառուցուի վաճառական, քաղաքային խորհրդարանի պատգամաւոր Մկրտիչ Ենգիբարեանի տունը, որ ներկայիս կը գտնուի Բիւզանդի փողոցին վրայ:
1918-1920ականներուն այդ տան մէջ, Դրօն ընտանիքով ապրած է:
Ըստ «Փան Արմինիըն»ի՝ Երեւանի աւագանիի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամ Նուարդ Վարդանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ տան ամրակայման համար Իտալիայէն հրաւիրուած է մասնագէտ Լորենզօ Եուրինա:
Նշենք, որ տունը կառուցուած է 1908-1914ին, իսկ անոր ճարտարապետը Երեւանի մէջ բազմաթիւ շէնքերու հեղինակ Պորիս Մեհրապեանն է: