ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Մայիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 3860ի՝ մէկ օրուան ընթացքին աւելնալով 142 պարագաներով։
Տիրող իրավիճակին լոյսին տակ, եւ նկատի ունենալով վարակուածներուն թիւին շարունակական աճը՝ շուրջ 5 տոկոս, կառավարութիւնը իր 14 Մայիսի նիստին քննարկեց այս հարցը եւ որոշեց 16 Մարտին յայտարարուած եւ մինչեւ 14 Մայիս երկարաձգուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը եւս 30 օրով երկարաձգել, այսինքն՝ մինչեւ 13 Յունիս։
Նոյն օրը տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեան նշեց, որ վարակաուած անձերուն մէջ կան 66 անձեր, որոնց վիճակը ծանր է, իսկ 33 ուրիշներու՝ շատ ծանր։
Փոխնախարարը վստահեցուց, որ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքները աւելի մեծ թափով պիտի շարունակուին, մանաւանդ որ օրէ օրէ կը բարձրանայ նոր յայտնաբերուած պարագաներուն թիւը՝ նշելով, որ նախարարութիւնը պիտի փոխէ ռազմավարութիւնը։
Ըստ Նանուշեանի՝ մեկուսացման համար նախատեսուած յատուկ վայրերուն, յատկապէս պանդոկներուն մէջ, պիտի տեղակայուին այն հիւանդները, որոնք հիւանդանոցային ոեւէ նշան չունին: Այսպիսով փորձ պիտի կատարուի խուսափիլ վարակուածները տուն ուղարկելէ, այնքան ատեն որ մահճակալները բաւարար են: «Այն պահից սկսած, երբ հնարաւոր չի լինի իրականացնել բժշկական հսկողութիւն հիւրանոցներում, ռազմավարութիւնը կրկին կը փոխուի: Բոլոր թեթեւ վիճակում գտնուող պացիենտները (հիւանդները-Խմբ.) կ՛ուղարկուեն տուն, եւ բժշկական հսկողութիւն կը սահմանուի Առողջութեան առաջնային պահպանման ՊՈԱԿ-ի կողմից», նշեց ան։
Մինչ այդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալը կամ չըլլալը ճշդելու համար քննութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, որուն պատասխանը ժխտական եղաւ։ «Իմ կորոնավիրուսի թեստի (քննութեան-Խմբ.) պատասխանը բացասական է: Ես որեւէ գանգատ չունեմ: Մօտ ժամանակներս շփումներս կը հասցնեմ գրեթէ 0ի, որեւէ մէկին չվտանգելու համար», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Թորոսեան:
Միւս կողմէ՝ որոշուեցաւ, որ 15 Մայիսին պիտի վերսկսին Ռուսիայէն դէպի Հայաստան կանոնաւոր թռիչքները։ Այս մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին, պատասխանելով խորհրդարանի փոխխօսնակ Վահէ Էնֆիաջեանի հարցումին՝ ըսաւ փոխվարչապետ, արտակարգ դրութեան իրաւական բաժինի պարէտ Տիգրան Աւինեան: Ան աւելցուց, որ վերադարձողները 14 օրեր պիտի մեկուսանան։